2015-12-20 13:10:00

Կարդինալ Փարոլին այցելեց Հռոմի ''Յիսուս Մանուկ'' մանկաբուժարանը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 19 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, այցելութին շնորհեց Վատիկանեան ՝՝Պամպինօ Ժէզու – Յիսուս Մանուկ՝՝ մանուկներու հիւանդանոցին։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ծիրանաւորը փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապի գնահատանքն ու երխտագիտութիւնը հիւանդանոցի բոլոր պաշտօնեաներուն, յիշել տալով անոնց, թէ Քրիստոս խոստացաւ վարձատրութիւն շնորհել՝ մեր փոքրիկ եղբայրներուն  ըրած բարիքներուն համար։

Կարիդինալը ապա հաղորդեց թէ յառաջիկայ երկուշաբթի օրէն սկսեալ՝ մանուկներուն շտապ օգնութեան հասնելու համար, կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել  Վատիկանի ուղղաթիռի կայանը։ Հուսկ հիւանդանոցի նախագահ Տիկ Մարիելլա Էնօք յայտնեց, թէ Կարդինալ Պերթոնէ  հիւանդանոցին նուիրած  է 150 հազար եւրօ, գիտական եւ բժշկական անյայտ հիւանդութիւններու ուսումնասիրութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.