2015-12-20 12:43:00

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին պաշտօնական այցելութիւնները


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ շարունակելով Լիբանանի հոգեւոր առաջնորդներուն եւ պետական ու պաշտօնական անձնաւորութիւններուն իր փոխ-այցելութիւնները, ուղեկցութեամբ Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին, երեքշաբթի 15 դեկտեմբերին այցելեց   Պէյրութի մարոնիթներու առաջնորդ Պուլոս Մաթար արքեպիսկոպոսին, Լիբանանի գաղթէացիներու առաջնորդ Միշէլ Գասարճի եպիսկոպոսին եւ ասորի ուղղափառներու Տանիէլ Կաուրիէ եպիսկոպոսին: 
Չորեքշաբթի 16 դեկտեմբերին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը այցելեց նաեւ Լիբանանի լատիններու Պուլոս Տահտահ   եպիսկոպոսին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշէլ Սլէյմանին եւ ուղղափառ ասորիներու Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոսին: 
Ուրբաթ 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, ան այցելեց Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլին,  Պիքֆայա։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արհիապատիւ Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ Հայր Գաբրիէլ թ․ծ․վ․ Մուրատեան, Հայր Սեպուհ վարդապետ Կարապետեան եւ Մեթր Սերժ Ջուխատարեան։ 
Այնուհետեւ, ժամը 12-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պիքֆայայէն ուղղուեցաւ Ռապիէ, ուղեկցութեամբ նաեւ պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանին, այցելելու համար  Բարեկարգում ու փոփոխութիւն շարժումի նախագահ՝ պետական երեսփոխան զօր․ Միշել Աունին։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Շարժումին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը  Շատարեւեան։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այս փոխ այցելութիւնները կը մտնէին իր ընտրութեան եւ գահակալութեան առթիւ Լիբանանի հոգեւոր առաջնորդներուն, պետական ու պաշտօնական անձնաւորութիւններուն յայտնած շնորհաւորութիւններուն ու բարեմաղթանքներուն համար շնորհակալական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս։ Անոնք միաժամանակ առիթ մը հանդիսացան մտքերու փոխանակում կատարելու  Լիբանանը եւ լիբանանցիները յուզող հրատապ խնդիրներու շուրջ, ինչպէս նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը,  շրջանային ողբերգական իրադարձութիւնները, քրիստոնեաներուն տագնապալի վիճակը եւ ասոր հետեւանքով արձանագրուած գաղթը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.