2015-12-19 11:19:00

Պշարա Ռայի պատրիարքը անընդունելի նկատեց, որ Լիբանան իր երթը շարունակէ առանց նախագահի


Երկրի քաղաքական, թէ ընկերային առօրեան յուզող հիմնահարցերը` նախագահական ընտրութիւն, տնտեսական տագնապ, աղբերու հարց, դարձեալ առանցքը կազմեցին քաղաքացիներու կողքին նաեւ երկրի վարիչներուն խորհրդակցութեանց: Արդարեւ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը անընդունելի նկատեց, որ Լիբանան իր երթը շարունակէ առանց նախագահի: Ան կրկին մեղադրեց պատասխանատուները, որոնք ինչ-ինչ պիտակներու տակ կ՛արգելակեն քաղաքական հարցերու լուծումը, այդպիսով առաւել եւս սրելով քաղաքացիին եւ առհասարակ երկրին առանց այդ ալ ոչ նախանձելի ընկերային վիճակն ու տնտեսական տագնապը:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց եւ «խոստովանեցաւ», թէ ներքին ու արտաքին ազդակներ կ՛արգելակեն նախագահական ընտրութեան հարցը, եւ իր ափսոսանքը արտայայտեց այս գծով` միաժամանակ նշելով, որ նման հարցի արծարծումն իսկ դրական նախանշան է մօտակայ բարւօք քայլերու:

Նախագահական հարցին գծով դարձեալ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի դրսեւորած կարծիքները տուն տուին թեր ու դէմ արձագանգներու: Երեսփոխան Ժոմպլաթ դրուատեց Ֆրենժիէի կարծիքները` իբրեւ «առարկայական ու ոչ փիլիսոփայական»:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը օր ըստ օրէ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ եւ այս գծով քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:

Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ վերահաստատեց Ազգային ազատ հոսանքի եւ Մարատայի միջեւ տիրող «դրական ու սերտ կապեր»-ու առկայութիւնը` հերքելով որեւէ երկպառակութեան հաւանականութիւն: Միաժամանակ, Ապու Սաապ յիշեցուց, թէ զօր. Միշել Աուն կը մնայ Մարտ 8-ի ուժերու նախագահական թեկնածուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.