2015-12-19 10:48:00

Երբ կորսուած են իմաստ, պարունակութիւն եւ նպատակ ...


Ծանօթ է, թէ Հայաստանը արդէն հազարամեակներ շարունակ իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով թիրախ դարձած է զանազան ազգերու։ Երկիրը բազմիցս բաժնուած է օտար ազգերու միջեւ, ճնշուած՝ օտար տիրապետութիւններու տակ, կրած անարդար վերաբերմունք։ Եղած են քիչ ժամանակներ ուր Հայաստանը, կամ մասեր միայն, ունեցած են անդորրութիւն։ Մեծ պետութիւններու միջեւ եղած հակամարտութիւնները եւ աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւններ ծանր հետեւանքներ ունեցած են Հայաստանի համար։ Իւրաքանչիւրը կ՛ուզէր Հայաստանը շահիլ իրեն, պահել իր գերիշխանութեան տակ։

Այսպիսի հակամարտութիւններու զոհ է Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ցայսօր։ Կան պետութիւններ, որոնք բացարձակօրէն կը մերժեն 19րդ եւ 20րդ դարու կոտորածները եւ ցեղասպանութիւն-հայասպանութիւնը, ինչպէս վերջերս Գերմանիան կը յետաձգէր բանաձեւերու ընկալումը՝ «ի սէր Թուրքիոյ»։

Պատմութիւնը կը կրկնուի իր ամբողջ անարդար դաժանութեամբ։ Արեւմտեան երկիրներ բռնած են Վիլհելմ Բ. Կայսեր քաղաքականութիւնը։

Աւստրիացի քաղաքական գործիչ Օթթո Պաուէր 1912ին, Պերլինի մէջ հրատարակած է ուսումնասիրութիւն մը՝ «Պալքանեան պատերազմը եւ Գերմանիոյ միջազգային քաղաքականութիւնը» տիտղոսով։

Այդ հատորին մէջ հեղինակը կը պատմէ հետեւեալը։ 1898ին Վիլհելմ Բ. Կայսրը այց մը կու տայ Օսմանեան կայսրութեան, ապահովելու համար թուրքերու դաշնակցութիւնը։ Գերմանիան ծրագիր ունէր մինչեւ Պաղտատ հասնող երկաթուղիի մը, որ կայսրութեան դիմաց պիտի բանար հեռաւոր արեւելքի շուկան։ Այս ձեւով ան պիտի շրջանցէր Անգլիոյ հակակշիռին տակ գտնուող ծովերը։

Դամասկոսի մէջ Վիլհելմ Բ., ընդունելութեան ժամանակ հետեւեալ խօսքը կ՛ուղղէ՝ «Ի տես այս մեծարանքներուն, որ մեզի այստեղ վիճակուեցան, կարիքը կը զգամ, կայսրուհիի եւ իմ անունովս շնորհակալութիւն յայտնելու այս ընդունելութեան համար, եւ ամէն բանի համար, որ այս երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ մեր դիմաց ներկայացաւ, եւ յատկապէս շնորհակալութիւն Դամասկոս քաղաքի մէջ մատուցուած ընդունելութեան։» Ապա Կայսրը կը յիշէ Սալահետտին Սուլթանը, դրուատելով անոր յիշատակը, նկատելով զայն «ասպետ աներկիւղ եւ անթերի, որ իր հակառակորդներուն կը սորվեցնէր ասպետականութիւնը», եւ ապա իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ապտուլ Համիտ սուլթանին, կարծէք անոր ալ վերագրելով ասպետականութեան այդ հոգին ...

Սահմռկեցուցիչ են Վիլհելմ կայսեր հետեւեալ խօսքերը՝ «Թող Սուլթանը, եւ 300 միլիոն մահմետականները, որոնք աշխարհի վրայ ցիրուցան կ՛ապրին, Սուլթանի անձին մէջ մեծարեն իրենց խալիֆան, եւ ապահով ըլլան, որ բոլոր ժամանակներուն մէջ՝ Գերմանիոյ կայսրը իրենց բարեկամը պիտի ըլլայ։»

1896ի կոտորածներէն վերջ այսպէս կոչուած քրիստոնեայ կայսեր այս խօսքերը մեկնութեան կարիքը չունին։

Ակնարկ մը նետենք արեւմտեան երկիրներու այսօրուան քաղաքականութեան եւ քաղաքական պետերու խօսքերուն։ Որքան նման են Վիլհելմ կայսեր քաղաքականութեան եւ խօսքերուն ...

Թէ՛ այդ ժամանակի եւ թէ՛ այսօրուան համար յոյժ դիպուկ են Փաուլ Ռոհրպախի խօսքերը՝ որ 1897 թուականին կը գրէր՝ «Գերմանիոյ միջազգային քաղաքականութիւնը կորսնցուցած է իմաստ, պարունակութիւն եւ նպատակ։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.