2015-12-19 11:14:00

Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ֆինանսաւորման դէմ պայքարի որոշում


«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու ելեւմուտքի նախարարները որդեգրած են ՏԱՀԵՇ-ի ելեւմտական աղբիւրները սահմանափակելու  որոշում մը, որ ներկայացուած էր Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ:

Փաստաթուղթը Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ սահմանելու նոր օրէնքներ, որոնց հիմամբ ՏԱՀԵՇ-ի ու անոր անդամ զինեալներուն ֆինանսաւորումը պիտի նկատուի լուրջ յանցանք: Բացի անկէ, որոշումը պարտադիր կը դարձնէ ստեղծումը «սեւ ցուցակ»-ի մը, որուն մէջ պիտի ներառուին ՏԱՀԵՇ-ի անդամները:

«Արապիա» կը նշէ, որ նոր բանաձեւին որդեգրումը կ՛ենթադրէ, որ 120 օրուան ընթացքին բոլոր երկիրները պէտք է ներկայացնեն ՏԱՀԵՇ-ի ելեւմտական մեկուսացման ուղղուած քայլերու ձեռնարկման վերաբերեալ մանրամասն զեկուցում:

Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Միշել Սապան յայտնեց. «Թուրքիա պէտք է ամբողջական ու շօշափելի կերպով պայքարի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն քարիւղի եւ հնադարեան իրերու մաքսանենգման դէմ»:

Սապան ընդգծեց, որ կարելի է պատժամիջոցներ սահմանել որեւէ երկրի դէմ, որ կը մերժէ ՏԱՀԵՇ-ի ֆինանսաւորման աղբիւրները փակել` աւելցնելով.«Պիտի գայ ժամանակը, երբ ցուցակներ պիտի գոյանան եւ պատժամիջոց հաստատելու կարելիութեան շուրջ հարցադրումներ պիտի կատարուին»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Ճէյքըպ Լիւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քարիւղի անօրինական վաճառքէն արդէն 500 միլիոն տոլար ապահոված են:

«Այս պահուս, ՏԱՀԵՇ քարիւղի «սեւ շուկային» մէջ ձեռք բերած է շուրջ 500 միլիոն տոլար եւ յաւելեալ միլիոններ` մարդոց դաժանաբար շորթելով», ըսած է ան:

Ըստ անոր, ահաբեկիչները ելեւմտական գետնի վրայ խոցելի են: «Միացեալ Նահանգներու մօտեցումը անոնց խոցելի մասերը հարուածելն է», ըսած է նախարարը:

Լիւ ըսած է, որ ՏԱՀԵՇ իր միջոցներուն միայն փոքր մասը կը ստանայ արտասահմանեան հովանաւորներէն: Փոխարէնը եկամուտներ կը ստանայ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն հարստութիւնները օգտագործելով:








All the contents on this site are copyrighted ©.