2015-12-18 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը ''եղբայրօգնութեան սուրբ դրան բացում''


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 18 դեկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մեքսիքոյի Թուքսթլա Կութիերես թեմին առաջնորդ գերապայծառ Ֆապիօ Մարթինէզ Քասթիլլա, անոր ընկերացող օգնական եպիսկոպոս `գերապայծառ Խոսէ Լուիս Մէտոզա Քորզոյի եւ Սան Քրիսթոպալ Տէ Լաս Քազասի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ֆելիփէ Արիզմենտի Էսքիվէլը։ Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ Փետրուարին` Մեքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս  հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ վերոնշեալ թեմերուն։  

Ժամը 12,15-ին, Նորին Սրբութիւնը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն կը շնորհէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մսուրն ու տօնածառը նուիրողներու պատուիրակութեան մինչ յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին Սրբազան Հայրը բացումը կը կատարէ Հռոմի Քարիթասի ''եղբայրօգնութեան սուրբ դրան'' ու ապա Քարիթասի հիւրերուն մասնակցութեամբ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

Քարիթասի ''Հայր ԼուՃի Տի Լիէկրօ'' անուան աղքատներու օթեւանի ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի անուան աղքատներուն յատկացուած սեղանատունի երկու այս վերանորոգուած կառոյցներու բացումը տեղի ունեցաւ անցեալ 10 դեկտեմբերին։

Հայր Լուճի Տի Լիէկրօ եղած է Հռոմի Քարիթասի երբեմնի տնօրէն ու անոր անուան օթեւանը ի նպաստ կարիքաւորներուն`  իր եղբայրսիրական գործունէութիւնը սկսած է 28 տարիներ առաջ։

Ուրբաթ 18 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանէն կը մեկնի 16,15-ին եւ շոգեկառքի կայան ''Թերմինի''ի մօտ գտնուող այցելութեան վայր կը ժամանէ 16,30-ին­, ուր զինք կը դիմաւորեն Քարիթասի պատասխանատուները եւ Հռոմ Քաղաքի պատկան իշխանութիւնները։ Ապա տեղի կ՛ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը որմէ ետք ժամը 17-ին նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ ճաշասրահին մէջ ուր ամէն օր հարիւրաւոր աղքատներ` շնորհիւ Քարիթասին, կարելիութիւնը ունին իրենց օրուան հացը բաժնեկցելու իրենց եղբայրակիցներուն հետ։

Ողորմութեան Յոբելենական տարին հռչակելով Ֆրանչիսկոս Պապը իղձ յայտնած էր որ Սուրբ Դռները բացուին ոչ միայն Հռոմի մէջ այլեւ համայն աշխարհի թեմերուն մէջ ինչպէս նաեւ բանտերու եւ այլ յատկանշական վայրերու մէջ ինչպէս է պարագան Քարիթասի եղբայրօգնութեան սուրբ դրան։

Նշենք որ Մարսալա փողոցի Քարիթասի բնակարանը ծնունդ առած է 1987-ին եւ կարող է ընդունիլ 180 անօճախներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.