2015-12-18 13:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Ծնունդի տօնածառն ու մսուրը նուիրողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 18 դեկտեմբերի, ժամը 12.15ին , Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալական  ունկնդրութիւն շնորհեց՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած Սուրբ Ծնունդի տօնածառի եւ մսուրի պարգեւատուներուն։

Անոնց ուղղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ստացած պարգեւներուն համար, յայտնելով,  թէ սոյն պարգեւները ոչ միայն լոկ՝ Իրեն եւ ուխտաւորներուն   համար ուրախութիւն կը պատճառեն, այլ՝  յատկապէս Մեր Տիրոջ Յիսուսին որ է` տօնախմբողը, ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնեց տօնածառը նուիրող՝ Պաւարիա  քաղաքապետարանի իշխանութիւններուն,   ու մսուրը նուիրող ՝Թրենթօ մարզի եւ թեմի  ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ տօնածառի զարդարանքները իրագործող փոքրիկ արուեստագէտներուն ու այս վերջիններուն ըսաւ ''ձեր սրտին մէջ կրած իղձերը,  այժմ ներկայ են ամենէն ատակ վայրին մէջ ,  անոնք՝ Բեթղեհէմի Մանուկին մօտ կը գտնուին։ Յիսուս  պարզապէս  չի յայտնուեցաւ երկրի վրայ, Ան , մեզի համար  չի յատկացուց միայն  քիչ ժամանակ, այլ՝ եկաւ բաժնեկից դառնալու մեր կեանքին եւ մեր իղձերը ընկալելու։ 

Յիսուս՝՝` ըսաւ Սրբազան Հայրը, ՝՝ ուզեց եւ մինչեւ այսօր կ՝ուզէ ապրիլ՝ մեր հետ։ Ան, աշխարհը իր սրտին մէջ կը կրէ։ Մսուրը, մեզի յիշել կու տայ , թէ Աստուած իր յոյժ Ողորմութեան համար, մեր մօտ իջաւ՝  հաստատ կերպով  մեր մէջ մնալու համար։

Մսուրը մեզի կ՝ըսէ նաեւ, թէ Աստուած երբեք ուժով ինքզինք չի բանեցներ։ Ան մեզ Փրկելու համար, չի փոխեց պատմութիւնը մեծ հրաշք մը կատարելով, ընդհակառակը՝ Ան եկաւ ամենայն հեզութեամբ, ու համեստութեամբ։

Աստուած չի սիրեր  պատմութեան զօրեղներու յեղափոխական բռնարարքները, եւ չ՝օգտագործեր կախարդական գաւազանը` կացութիւնները փոխելու համար ։ Ան՝ Մանուկ դարձաւ , դպչելու համար մեր սրտերուն՝ հլու բարութեամբ, եւ Իր չքաւորութեամբ ցնցելու՝ անոնք որոնք կը տքնին այս աշխարհին  կեղծ հարստութիւններ դիզելու համար՝՝։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  ակնարկեց  առաջին Սուրբ Մսուրը կառուցող` Սուրբ Ֆրանչիսկոսին՝ ու սուրբին կէտնպատակներուն ըսելով

''Սուրբ Ֆրանչիսկոսի բաղձանքն է  յիշատակել Բեթղեհեմի Մանուկ Յիսուսը, մարմնի աչքերով  տեսնելու  համար  այն բոլոր այն նեղութիւնները, որոնց մէջ գտնուեցաւ Նորածին մը՝ անհրաժեշտ կարիքներու պակասութեան պատճառաւ։։

Այս տեսարանին առջեւ, .կը պատուուի պարզութիւնը, կը փառաւորուի հեզութիւնը , կը պանծացուի աղքատութիւնը՝՝։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հրաւիրեց ապա կանք առնել մսուրին առջեւ, որովհետեւ՝ հոն, Աստուծոյ քնքշութիւնը մեզի կը խօսի։ Հոն՝ կը մտածուի Աստուածային Ողորմութիւնը, որ մարդացաւ եւ կրնայ քնքշացնել եւ մեղմացնել, նրբացնել մեր հայեացքները։

Պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը  մաղթանք յայտնեց,  որ տօնածառի ու մսուրի պարգեւները, ՝՝որոնց լուսաւորումը  այս երեկոյ պիտի կատարուի՝՝, կարենան շատերուն հայեացքը գրաւել, եւ յատկապէս կեանքին մէջ  արծարծեն  Սուրբ Ծնունդի ճշմարիտ ճրագը։








All the contents on this site are copyrighted ©.