2015-12-18 10:30:00

Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ յատուկ ունկնդրութիւն Վատիկանի բոլոր աշխատողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ`  երկուշաբթի 21 դեկտեմբեր 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, յատուկ ունկնդրութիւն կը շնորհէ Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի բոլոր աշխատողներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, անոնց փոխանցելու համար Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւնները։ 

Այս երկրորդ տարին է որ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութեան մը ընթացքին կ՛ուզէ հանդիպիլ Վատիկանեան կառոյցներու մէջ գործող աշխատակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.