2015-12-18 08:59:00

Հռոմի ժողովրդապետական ակումբներու պատանիներուն Ողորմութեան յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 20 Դեկտեմբեր 2015-ին Հռոմի ժողովրդապետական ակումբներու պատանիները առաջինները պիտի ըլլան որոնք պիտի մասնակցին Ողորմութեան յոբելեանին առթիւ ''Մեծ ձեռնարկներ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ'' վերտառութեամբ կազմակերպուած կարեւոր ու յատուկ մէկ ձեռնարկին։

Այս յատուկ ժամադրութեամբ Հռոմի պատանիները առիթ պիտի ունենան ուխտագնացութիւն կատարելու ս.Պետրոս Պազիլիքա ու փորձարկելու Ողորմութեան յոբելեանին ս.Դռնէն մտնելու ուրախութիւնը։

Առաւօտ կանուխ` պատանիները ընկերակցութեամբ ծնողներու ու պատասխանատուներու ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ պիտի համախմբուին միասնաբար տօնախմբելու Ողորմութեան յոբելենական տարին ու մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Պապին  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին, որուն ընթացքին, աւանդութեան համաձայն տեղի կ՛ունենայ Յիսուս Մանուկ արձանիկներու օրհնութիւնը.

Ողորմութեան ս. Դռնէն անցնելէ ետք ուխտաւորները  Սուրբ Պետրոսի մէջ կը մասնակցին սուրբ պատարագի արարողութեան ապա` կէսօրին, կը փոխադրուին  սուրբ Պետրոսի հրապարակը հետեւելու Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած Մարեմեան Աղօթքին ու այդ աղօթքի ընթացքին անոր կատարած խորհրդածութեան։

Յայտնենք թէ 30 տարիէ ի վեր` Ծնունդի տօնը կանխող Կիրակին, Քահանայապետերը, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին օրհնութիւնը կը կատարեն` Մանուկ Յիսուսի արձանիկներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.