2015-12-18 09:03:00

«Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն հետ համաձայնութիւն գոյացնելը գրեթէ անկարելի է» ըսաւ Փութին


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի Միջազգային առեւտուրի կեդրոնին մէջ 1390 ռուս եւ օտար լրագրողներու հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն հետ գործնականին մէջ անկարելի է համաձայնութիւն գոյացնել:

«Թուրքիոյ գործող ղեկավարութեան հետ, ինչպէս ցոյց կու տայ փորձառութիւնը, դժուար է համաձայնութիւն գոյացնել կամ գործնականին մէջ անկարելի է: Նոյնիսկ այնտեղ եւ երբ մենք կ՛ըսենք «այո՛», մենք կը համաձայնինք, կողքէն կամ թիկունքէն մեզ կը հարուածեն` անհասկնալի պատճառներով: Ուստի պետական մակարդակով ես հեռանկարներ չեմ տեսներ», ըսաւ Փութին: «Մենք ռուսական ռմբաձիգին Թուրքիոյ կողմէ վար առնուիլը կը նկատենք թշնամական արարք», ըսաւ ան` նշելով. «Փափաք յայտնեցինք անոնց հետ կապ հաստատելու, ի՞նչ է անոնց ուզածը»:

Ան նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ «Սի-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ծաւալումէն ետք Թուրքիան արդէն պիտի չկարենայ անպատիժ կերպով խախտել այդ երկրին օդային տարածութիւնը:

«Անոնք (Թուրքիոյ իշխանութիւնները) կը կարծեն, որ մենք փախուստ պիտի տանք այնտեղէն: Ո՛չ, Ռուսիան այդ երկիրը չէ: Մենք ընդլայնած ենք մեր ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ, աւելցուցած մարտական օդուժը: Այնտեղ չկար հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական համակարգ. այժմ այնտեղ է «Սի-400»-ը: Նախապէս Թուրքիան թռիչքներ կը կատարէր այդտեղ եւ միշտ կը խախտէր Սուրիոյ օդային տարածքը, տէ՛ հիմա ալ թող թռիչք կատարեն», աւելցուց Փութին:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տագնապին, Փութին յայտարարեց, որ Ռուսիան երբեք պիտի չհամաձայնի, որ դուրսէն Սուրիոյ ղեկավարներ պարտադրուին: «Մենք կը գտնենք, որ միայն Սուրիոյ ժողովուրդը պէտք է որոշէ, թէ ո՛վ զինք պիտի կառավարէ եւ ի՛նչ արժէչափերով ու կանոններով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ նիւթին շուրջ վերջերս խօսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:

Փութին նշեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւին պատրաստման Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութիւնը ընդհանուր առմամբ կը բաւարարէ Մոսկուան: «Կը կարծեմ, որ բանաձեւի նախագիծին ծանօթանալէ ետք անիկա պիտի բաւարարէ նաեւ Սուրիոյ իշխանութիւնները», ըսաւ Փութին:

«Թէեւ որոշ բան կրնայ հաճելի չըլլալ, որովհետեւ երկար տարիներ տեւած տագնապը լուծելու փորձերուն մէջ միշտ ալ կարելի է փոխզիջում կատարել, սակայն զիջումներ պէտք է կատարուին երկուստեք», աւելցուց ան:

«Մենք ամէն ձեւով պիտի նպաստենք այդ ճգնաժամի լուծման եւ պիտի ձգտինք այն բանին, որ լուծումները, որոնք կրնան գտնուիլ, բաւարարեն բոլոր կողմերը», հաւաստեց Ռուսիոյ նախագահը:

Ըստ անոր, Սուրիոյ խնդիրը լուծելու իմաստով քաղաքականէն բացի այլ եղանակ չկայ, այդ առումով Ռուսիոյ ծրագիրը գրեթէ կը համընկնի ամերիկեանին հետ: «Այս կացութեան կարգաւորման այլ եղանակ գոյութիւն չունի: Ատիկա անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ընել ուշ կամ կանուխ», ըսաւ ան:

Փութին յայտարարեց, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ օդային գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ եւ պիտի աջակցի սուրիական բանակի յարձակման, նաեւ հանդիպումներու պիտի ձգտի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող սուրիական ընդդիմութեան հետ:

Փութին նաեւ Արեւմուտքն ու Թուրքիան ամբաստանեց քարիւղին տիրելու համար Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը ստեղծելու յանցանքով:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսը տեւեց 3 ժամ 7 վայրկեան: Փութին պատասխանեց 44 հարցումի:








All the contents on this site are copyrighted ©.