2015-12-17 13:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպաններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ի տես հակամարտութիւններու եւ ահաբեկչութեան բազմապատկումին, աշխարհի մէջ աճ կ՛արձանագրէ նաեւ ոչ բռնի հակազդեցութիւն մը որուն պէտք է թիկունք կանգնինք ու աջակցինք, խաղաղութեան կառուցման համար'' ըսաւ Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը  Կինէայի, Լեթթոնիայի, Հնդկաստանի եւ Պահրէյնի` Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած նոր դեպաններուն ուղղած ճառին մէջ։

Ընդունելով վերոնշեալ դեսպանները հաւատարմագիրերու ներկայացման առթիւ­, Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ տարին որ իր աւարտին կը հասնի յատկանշուեցաւ բռնաբար հակամարտութիւններով ու ահաբեկչութիւններով սակայն կայ նաեւ բարի լուր մը. այս իրողութեան կը հակադարձէն միշտ աւելիով, բարոյական, հոգեւոր եւ ոչ բռնի կեցուածքներ''։

Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա Եկեղեցւոյ յանձնառութեան աշխարհի մէջ տարածելու ներումի եւ հաշտութեան հոգին ու այս մէկը նաեւ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն միջոցաւ։

Հարկաւոր է յաղթահարել անտարբերութեան համաշխարհայնացումը որ մեր ժամանակաշրջանի բացասական միտումներէն մին է, եւ ասոր համար հարկաւոր է միասնաբար գործել յառաջացնելու զօրակցութեան մշակոյթ մը որովհետեւ այս անտարբերութեան պատճառը անհաւասարակշիռ մարդաբանութիւնն է որուն հետեւանքով մարդը Աստուծոյ տեղը գրաւեց,  դառնալով զոհ կռապաշտութեան։ Այս շրջագիծէն ներս է եւս բնապահպանական տագնապը ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հաստատեց թէ ''Աստուծոյ հանդէպ անտարբերութիւնը, եւ մերձաւորին ու բնութեան հանդէպ անտարբերութիւնը իրարու հետ կապուած են եւ աս բոլորին կարելի է հակազդել միայն նորոգուած մարդաբանութեամբ որ մարդ արարածը դասէ Արարիչին, ուրիշներուն եւ արարչութեան հետ յարաբերութեան մէջ իրեն յատկացուած ճիշտ տեղը։

Այս մարտահրաւէրին մէջ կարեւոր դեր մը ունին կատարելիք ընկերային հաղորդամիջոցները որոնք  մեծ ազդեցութիւն ունին անձնական եւ ընկերային կեանքի վրայ, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, մատնանշելով նաեւ դպրոցներու կարեւոր դերին եւ կառավարութիւններուն կոչ ուղղելով ''առարկայական ներգործութիւններ'' յանձն առնելու ի սպաս դիւրաբեկ անձերուն ինչպէս են բանտարկեալները, գաղթականները, գործազուրկները եւ հիւանդները ուստի ճառին աւարտին ողջունելով Կինէայի, Լեթթոնիայի, Հնդկաստանի եւ Պահրէյնի կաթողիկէ հաւատացեալները քաջալերեց զանոնք միշտ աւելիով համագործակցելու համայն ընկերութեան բարիքին ի խնդիր ու հաստատեց թէ այս մէկը կարելի է այնքանով որով  կրօնական ազատութիւնը իսկապէս ճանչցուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.