2015-12-17 13:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Ացիոնէ Քաթթոլիքա եկեղեցական շարժումի երիտասարդներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Կինէայի , Լեթթոնիայի , Հնդկաստանի եւ Պահրէյնի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպաններուն, ապա իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, Խրուաթիոյ մօտ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Ալեսանտրօ Էրրիքոն, Հոլանտայի մէջ Պապական նուիրակ գերապայծառ Ալտօ Քաւալլին, Քոլոմպոյի Ասպետական կարգի գերագոյն Ասպետ՝ Փրոֆ Քարլ Անտըրսոն, Պալթիմոր թեմի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Վիլիամ Վտվարտ Լորիի ընկերակցութեամբ, հուսկ  12.30-ին, Քոնչիսդորօ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Ացցիոնէ Քաթթոլիքա Եկեղեցական շարժումի  երիտասարդներուն։

Այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին սկիզբը Նորին  Սրբութիւնը յայտնեց, թէ շատ գեղեցիկ է՝  Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին,  իրենց հետ հանդիպիլը՝ բարի մաղթանքներ փոխանակելու համար, եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց  Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի բոլոր անդամներուն։

Սրբազան Հայրը բարձր արժեւորելով Եկեղեցական այս շարժումի երիտասարդներուն ձեռնակները ըսաւ  ՝՝շնորհիւ ձեր ընկերակցութեան, անթիւ մանուկներ ու երիտասարդներ, ունեցան կարողութիւնը մօտենալու եւ ծանօթանալու Յիսուսին, եւ անոնք օժանդակութիւն ստացան ապրելու Աւետարանը՝ ընտանիքի, դպրոցի , ժողովրդապետութեան  ինչպէս նաեւ մարզական շրջագիծէն ներս։  Անոնք անդամակցելով Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումին, առ աւելիով զգացին իրենց մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ,  զգացին նաեւ, թէ Յիսուս   հեռու չի գտնուիր այլ կը գտնուի մեր  մէջ , ինչ որ  ուրախութիւն կը պատճառէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով եկեղեցական շարժումի այս  տարուան ''Ճամբորդելով դէպի Քեզ՝՝ խորագիր կրող բնաբանին, բացատրեց թէ դէպի Տէրը ճամբորդել կը նշանակէ  ՝՝ ընթանալ բարի ուղիին  վրայ եւ ոչ թէ չարին, ներողամտութեան ճանապարհին վրայ եւ ոչ թէ վրէժխնդրութեան,

խաղաղութեան ճանապարհին վրայ եւ ոչ թէ  հակամարտութեան, զօրակցութեան ճանապարհին վրայ եւ ոչ թէ անձնասիրութեան'' ու այս առընչութեամբ մատնանշեց բարեսիրական ձեռնակին յատկացուած  Ակրիճէնթօ թեմի մէջ ապաստանած գաղթականներուն քաջալերելով զանոնք վեհանձն ու առատաձեռն ըլլալու կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ ։

Իր ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ներկաները Ացիոնէ Քաթթոլիկայի եկեղեցական շարժումի պատասխանատուներն ու անդամները ու հայցեց Աստուածային Օրհնութիւններն ու Տիրամօր Հովանին ապա խնդրեց որ  չի մոռնան աղօթել իրեն համար եւ հրաւիրեց ներկաները միասնաբար աղօթելու Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը։ ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.