2015-12-17 13:32:00

Մեքսիքոյի եւ Միացեալ Նահանգներու սահմանագծին վրայ աղօթքի ձեռնարկ


(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքոյի եւ Միացեալ Նահանգներու սահմանը բաժնող կամուրջին վրայ, չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին,տեղի ունեցաւ անախադէպ եւ պատմական աղօթքի ձեռնարկ, ներկայութեամբ Միացեալ նահանգներու Էլ Փասի թեմի եպիսկոպոսներուն, Մեքսիքոյի Չիուտատա Ժուարէզ  քաղաքի եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու  դեսպաններուն  ու մասնակցութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներուն։

Աղօթքի  ձեռնարկին  ծիրէն ներս նշուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Տօնի առթիւ ՝՝Լաս Փոսատաս՝՝ կոչուոջ Մեքսիկական տօնակատարութիւնը՝ մասնակցութեամբ անթիւ մանուկներուն։  ՝՝Լաս Փոսատաս՝՝ ի տօնակատարութեան  կէտնպատակն է նպաստել սահմանային երկու քաղաքներուն միջեւ  ժողովուրդներուն հաղորդութիւնը։

Այս ծիրէն ներս, Էլ Փասի թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Մարք Սէյզ, օրհնութիւնը կատարեց սահմնագիծին մօտ գտնուող կամուրջին, որուն այցելութիւն պիտի շնորհէ Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետը , յառաջիկայ 14 փետրուար 2016-ին,  Մեքսիքօ կատարելիք հովուական այցելութեան  շրջագիծէն ներս։

Գերապայծառ Մարք Սէյզ այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ  յարեց, թէ  աղօթքի ձեռնակրը  կաղարդական պահ մըն  է,  եւ առիթ մըն է ոչ թէ խօսելու համար  երկու երկիրները  բաժանող սահմանին  մասին, այլ զանոնք  միացնող երեւոյթներու մասին, որովհտեւ նոյնիսկ եթէ՝ գոյութիւն ունի զանոնք բաժնող ցանկապատ մը, անոնք այլ ձեւով՝ իարարու  միացած են'' ինչպէս է պարագան այսօրուայ ձեռնարկին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.