2015-12-17 09:38:00

Եւրոպական Միութիւնը 30 միլիոն Եւրօ պիտի տրամադրէ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներուն համար


Եւրոպական յանձնաժողովը վաւերացուցած է Հայաստանի օժանդակութեան նոր ծրագիր մը` 30 միլիոն եւրօ արժողութեամբ:

Եւրոպական յանձնաժողովին հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ծրագիրը կը վերաբերի Հայաստանի մէջ աշխատանքային աւելի լաւ կարելիութիւններու ստեղծման, երկրի ելեւմտական կառավարման ամրապնդման, որոշումներու կայացման ժողովրդավարական հոլովոյթին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեան բարելաւման:

15 միլիոն եւրօ արժողութեամբ «Աւելի լաւ որակաւորումներ, աւելի լաւ աշխատատեղերու համար» գործողութիւններու ծրագիրը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ հայաստանեան աշխատաշուկայի արդիւնաւէտութեան, աշխատուժի աշխատունակութեան բարձրացման` յատուկ ուշադրութեան դարձնելով գիւղատնտեսութեան մարզին: Յաւելեալ 10 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրուի «Հանրային ելեւմտական  կառավարման քաղաքականութեան բարեփոխումներու ծրագիր»-ին, որ ուղղուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ հանրային ծախսերու հաշուետուողականութեան, թափանցիկութեան եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման` զանոնք համապատասխանեցնելով միջազգային չափանիշներուն եւ փորձառութեան:

Եւրոպական յանձնաժողովին աջակցութեամբ իրականացուող երրորդ ծրագիրը պիտի վերաբերի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ամրապնդման` նպաստելով անոնց աշխուժ մասնակցութեան որոշումներու կայացման ժողովրդավարական հոլովոյթներուն մէջ: Այս ծրագիրին համար յատկացուած է 5 միլիոն եւրօ:








All the contents on this site are copyrighted ©.