2015-12-17 09:25:00

«Սուրբ Ծնունդի լաւագոյնը» տօնական համերգը


Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը 4 Դեկտեմբերին, Սուրբ Ծնունդի եղանակի սկզբնաւորութեան ներկայացուց «Սուրբ Ծնունդի Լաւագոյնը» տօնական համերգը, որ տեղի ունեցաւ Փըրեմըսի Հայ երիցական եկեղեցւոյ մէջ: Համերգը կազմակերպուած էր Անիթա Պուչագճեանի եւ Սեդա Նալպանտեանի կողմէ, համագործակցութեամբ երգչուհի Սոլանժ Մերտինեանի: Գեղեցկօրէն զարդարուած եկեղեցւոյ սրահին մէջ հնչեցին Սուրբ Ծնունդի սիրուած երգեր, ի միջի այլոց «Լուռ գիշեր», «Ոհ, սուրբ գիշեր» եւ «Լսեցէ՛ք, կ՛երգեն հրեշտակք», զորս գեղեցկօրէն կատարեցին երգիչ-երգչուհիներ Կրեկըրի Լոշխաճեան, Ծովինար Աղաւեան, Անոյշ Պարքլէյ եւ Սոլանժ Մերտինեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռիքօ Հիկումայի:
Յայտագիրին մէջ ելոյթ ունեցան նաեւ Սիփան Հայ վարժարանի երգչախումբը՝ ներկայացնելով «Առաջին Ծնունդը», «Նոր Տարի» եւ «Ձիւնին մէջէն» երգերը:
Համերգը վերջ գտաւ մասնակցութեամբ ներկաներուն, որոնք ուրախութեամբ աւետեցին Յիսուսի Ծնունդը՝ յոտնկայս երգելով «Ծափ զա՛րկ աշխարհ, Ցնծա՛ այսօր» սիրուած Ծնունդի երգը:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը քրիստոնէական կազմակերպութիւն մըն է, որ իր ծառայութիւնները կը մատուցանէ որպէս աւետարանչական բազուկը աշխարհացրիւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն: Այս տօնական համերգին համար եղած նուէրներու հասոյթը պիտի յատկացուի Ծնունդի ծրագիրներու, որոնք կ՛իրականացուին Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ 1990էն ի վեր, բաժնելով Քրիստոսի սէրը հազարաւոր մանուկներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.