2015-12-16 09:51:00

Տիարպեքիրի Հայկական եկեղեցին վնասուած է Թուրք-Քրտական բախումներու հետեւանքով


Տիարպեքիրի պատմական հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ վերաբացուած էր 2011-ին, վերջին ամիսներու թուրք-քրտական բախումներուն հետեւանքով վնասուած է: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

Տիարպեքիրի բնակիչները յայտնած են, որ Տիարպեքիրի Սուրի շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին վերջին 2 ամիսը փակուած է:

Բախումներուն հետեւանքով կոտրուած են եկեղեցւոյ պատուհանները, եկեղեցւոյ պատերուն կ՝երեւին կրակած փամփուշտներու տեղերը:

Ըստ բնակիչներուն` վերջին օրերուն թրքական զինուժի կողմէն անընդհատ իրականացուող կրակոցներէն յետոյ դեռ յայտնի չէ ինչ վիճակի մէջ յայտնուած է Սուրբ Կիրակոսը, քանի որ Սուրի շրջանին մէջ կը շարունակուի փողոց ելլելու արգելքը:

Նշենք, որ Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկուն` Սուրբ Կիրակոսի վերաբացումն ու օծումը տեղի ունեցած է 2011-ի Հոկտեմբեր 22-ին, իսկ առաջին պատարագը մէկ օր անց` Հոկտեմբեր 23-ին:

Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգումը իրականացուած է տիարպեքիրցի հայերու եւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:

Սուրբ Կիրակոսը վերաբացուած է իբրեւ գործող եկեղեցի:








All the contents on this site are copyrighted ©.