2015-12-16 09:40:00

Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներ – Ռուսիա բանակցութիւններ


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի չորեքշաբթի, 15 դեկտեմբերին, այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Նախագահ Փութինի հետ իր հանդիպումէն ետք Քերրի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա լուծումներ կը փնտռեն ամէնէն բարդ տագնապներուն, ներառեալ Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ հարցերուն` աւելցնելով, որ երկու երկիրները կրնան շատ բան ընել Սուրիոյ տագնապին լուծումը յառաջ մղելու համար:

Փութին իր կարգին յայտնեց, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն Սուրիոյ տագնապին լուծումները կը քննարկեն` աւելցնելով. «Այսօր ներկայացուած ամերիկեան առաջարկները յաւելեալ քննարկումներու կը կարօտին»:

Նախքան Լաւրովի հետ իր հանդիպումը, Քերրի ըսաւ, որ կը յուսայ «հասարակաց ենթահող» մը գտնել: Իսկ հանդիպումէն ետք ըսաւ, որ «Ասատ չի կրնար ապագային Սուրիոյ ղեկավար մնալ»` աւելցնելով. «Չենք ջանար Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգը փոխել, սակայն սուրիացի ժողովուրդին ընտրանքը պէտք չէ բռնատէրի մը եւ ահաբեկիչներուն միջեւ ըլլայ»:

Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն դէմ գործողութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանակելու` աւելցնելով, որ իր երկիրը Ռուսիան մեկուսացնելու քաղաքականութիւն չի վարեր:

Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ Քերրիի հետ համաձայնած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն Սուրիոյ ընդդիմութեան պատուիրակութեան անդամներու ցանկի պատրաստութեան վրայ աշխատանքը շարունակելու:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ աջակցութեան խմբակի ժողովը պիտի գումարուի ուրբաթ օր` Նիւ Եորքի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.