2015-12-16 09:57:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Վերջ Մկնախաղերուն

Առօրեայ կեանքին անակնկալները բազմաթիւ են եւ բազմազան: Զուր տեղ չէ՛ որ մեծերը միշտ կ’ըսեն՝ «Ամէ՛ն օր սորվելիք ունիս»: Ինչքա՜ն ճշմարիտ է այս խօսքը ու ինք իր մէջ հեղինակութիւն խտացնող, որովհետեւ աւելի կարող ու բանիմաց ուսուցիչ կարելի չէ՛ գտնել, քան՝ սեփական փորձառութիւնը: «Շատ կարդացած» ըլլալը բաւարար չէ՛, ո՛չ ալ համալսարանական վկայականները «թուղթի կտոր» ըլլալէ աւելի բարձր արժէք կրնան ներկայացնել, եթէ չըլլայ անձին փորձառութիւնը, որ ինքնին մեծարժէք կնիքն է կեանքի այս կամ այն վկայագրին տակ դրոշմուած:
Ճարպիկութիւնն ու ճարտարութիւնը երբեմն իրարու հետ շփոթուող վարուելակերպեր են: Երկուքն ալ թէ՛ ուրիշին ուղղուած եւ թէ՛ մեր անձին համար գործադրուող արարքներ կրնան ըլլալ: Ճարպիկ կրնամ ըլլալ ես ինծի համար, եւ իմ ճարպիկութիւնս կրնամ գործածել ուրիշին համար՝ դրական կամ ժխտական առումներով: Նոյնպէս, կրնամ ճարտար ըլլալ որեւէ անձնական գործի ձեռնարկելու պարագային, եւ նոյն ճարտարութիւնս կրնամ օգտագործել ի նպաստ կամ ի հեճուկս ուրիշին: Ուրեմն, երկու վարուելակերպերն ալ երկսայրի սուրի նման օգտագործելի են: Անշուշտ անոնք վնասակար են, երբ ժխտականօրէն օգտագործուին, իսկ լաւ ու բարի՝ երբ դրական արդիւնքի հասնելու համար գործածուին:
Ճարպիկ ու ճարտար մարդուն կը սիրենք այն ատեն, երբ ի նպաստ մեզի գործէ, եւ նոյնիսկ երբ ուրիշները կործանելով մեր գործը յառաջ տանի՝ գովեստներ կը շռայլենք անոր հասցէին: Իսկ երբ իր սուրը մեզի դէմ գործածէ, մեր շահէն ու ստացուածքէն բաժին փրցնէ ու իւրացնէ, բնականօրէն կարելի բոլոր միջոցներով կը պայքարինք անոր դէմ, ու հնարաւոր բոլոր նախազգուշութիւնները վերցնելով թոյլ չենք տար, որ ան կարենայ վնասել մեզի:
Ճարպիկութիւնը մկնախաղի կարելի է նմանցնել այն պարագային, երբ ճարպիկը մեծ փորձառութիւն չունի իր ընտրած «ասպարէզին» մէջ: «Սկսնակ» ճարպիկներ երկար ճամբայ չեն կրնար կտրել: Այսինքն, իրենց ճարպիկութիւնը շուտով ի յայտ կու գայ, նման այն մուկին, որ մէկ ծակէն ելլելով միւս ծակը կը մտնէ, առանց նկատելու թէ կատուն վառարանին քով ընկողմանած, կը հետեւի իր անձայն ու անշշուկ քայլերուն: Այս չի՛ նշանակեր անշուշտ, թէ փորձառու ճարպիկները չե՛ն բռնուիր: Սակայն, տոկոսային առումով աւելի շատ բռնուողները «սկսնակ» ճարպիկները կ՝ըլլան:
Հեռատեսիլի մանկական յայտագիրներու աւանդական նիւթերէն մէկը կը մնայ, այնքան սիրուած «Կատուն ու Մուկը» տեսաշարը: Մանուկները այս յայտագիրը բնականօրէն շատ կը սիրեն, դերակատարներու արագ շարժումներուն հազիւ հետեւելով: Սակայն մեծերն ալ կ՛ախորժին անոր մէջ յայտնաբերուող հնարամտութիւններէն, որոնք երկու դերակատարներուն կողմէ ալ հաւասարապէս ի գործ կը դրուին, հերթական յաղթանակներով եւ պարտութիւններով:
Մկնախաղերը մարդկային առօրեայ կեանքին մէջ ալ ի յայտ կու գան, շատ ու շատ տեսականիներով: Մարդ խաբելու, իբրեւ թէ յոյժ գաղտնի հնարքներով բացառիկ շահ ապահովելու, խաբէութիւններով մարդոցմէ մեծ գումարներ կորզելու,  իրենց գործը անվարան շարունակելու յանդգնութիւնը ունեցող մարդիկ, ճիշդ այդ մկնախաղերը կազմակերպողներն են: Ասոնք չեն անդրադառնար սակայն, թէ մարդոց աչքերէն հեռու, պատերու տակ, մայթերու անկիւններուն շա՜տ մուկերու դիակներ փռուած են, որոնք օր մը ի վերջոյ կատուի մը ճանկապատ թաթի անխնայ հարուածին տակ բռնուած ու խեղդուած են:
Մկնախաղերը կրնան երկար տեւել: Այնքա՛ն երկար, որ երբեմն փոքրիկ ու ճարպիկ մկնիկ մը մեծնալով ու իր դիզած աւարէն յղփանալով, կը դառնայ փողոցի հնարամիտ ու անկապտելի առնէտը: Անիկա ձեռնհասօրէն կը կատարէ իր աւարառութեան աշխատանքը, երբեմն մութ ու նեղ նրբանցքներէ սողոսկելով, երբեմն վտանգաւոր փախուստներու դիմելով, խոյս տալու համար հալածիչներէն: Անցորդները մենք ենք, որ երբ առօրեայ մեր կեանքի մայթերուն վրայ կը հանդիպինք այս այդէն «հասակ առած» առնէտներուն, հանդուժողութեամբ կը մօտենանք անոնց արարքներուն: Մեր անտարբերութիւնն է հիմնական յանցանքը անոնց ազատ երթեւեկութեան, եւ մենք պիտի ըլլանք պատասխանատու՝ երբ մէկուս կամ միւսիս գարշապարը խածնելով, թունաւորեն անոնք մեր մարմինը:
Քաղաքապետարանները,  որոնց առաջնահերթ պարտականութիւնն է մարդկային իրաւանց պահպանումը, եթէ ժամանակին չդեղեն ու չհականեխեն փողոցները, պատճառ կը հանդիսանան առնէտներու բազմացման եւ ընդհանրապէս քաղաքի կեղտոտուելուն:
Մարդկային կեանքի փողոցներն ալ, տարբեր չէ՛ յիշեալ փողոցներէն, որոնք քաղաքի պատկերը կը ներկայացնեն: Նախ մեր կողմէ, եւ ապա իրաւապահ մարմիններու կողմէ թոյլ պէտք չէ՛ տրուի անմաքուր արարածներու ազատ թափառումին:

Վե՛րջ մկնախաղերուն, այո՛, որովհետեւ երկար չեն կրնար տեւել անոնց դարձդարձիկ ճանապարհները, եւ բոլորն ալ ի վերջոյ կը յանգին կատուի անողորմ ու արժանի գնահատանքին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.