2015-12-16 09:47:00

Հազարաւոր Պրազիլցիներ կը պահանջեն երկրի նախագահին պաշտօնազրկումը


«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ հազարաւոր պրազիլցիներ փողոց դուրս եկած են երկրի գործող նախագահ Տիլմա Ռուսեֆը պաշտօնազրկելու` Քոնկրեսին ուղղուած պահանջով:

Բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցած են Պրազիլի տարբեր քաղաքներուն մէջ, ներառեալ` մայրաքաղաք Պրազիլիայի եւ ընդդիմութեան կեդրոններէն Սան Փաուլոյի մէջ:

Նախքան բողոքի ցոյցերը, խորհրդարանը արդէն ընթացքի մէջ դրած է նախագահի պաշտօնազրկման ընթացակարգը: Նախապէս ընդդիմութիւնը պահանջած է Ռուսեֆի պաշտօնէն հրաժարումը` զինք մեղադրելով չարաշահումներու, մասնաւորաբար 2014-ին վերընտրուելու համար պետական միջոցները ծախսելու յանցանքով:

Առաւել բազմամարդ եղած է Սան Փաուլոյի մէջ տեղի ունեցած ցոյցը, որուն մասնակիցներուն թիւը հասած է շուրջ 40 հազարի:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.