2015-12-15 12:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան շրջանի գլխաւորած արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Մէկ շաբաթէն համայն քրիստոնեայ աշխարհը պիտի տօնախմբէ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնը։ Այս առթիւ Հինգշաբթի  24 դեկտեմբերին, Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի երեկոյեան ժամը 21.30ին Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը մատուցէ սուրբ պատարագը, որուն աւարտին Յիսուս Մանուկի արձանիկը կը զետեղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պատրաստուած հսկայական մսուրին մէջ։ 
Ուրբաթ` 25 դեկտեմբերին, կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին կ՛ուղղէ  Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան պատգամն ու ''Urbi et Orbi''  օրհնութիւնը,  որ կը նշանակէ Հռոմ քաղաքին եւ համայն աշխարհին օրհնութիւն ։
Հինգշաբթի  դեկտեմբեր 31ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը եւ '' Te Deum  - Փառք ի Բարձունս'' գոհաբանական աղօթքը առ Աստուած, առ ի շնորհակալութիւն անցած տարուան համար։ Արարողութեան աւարտին տեղի կ՛ունենայ նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւն։
  Ուրբաթ1 յունուար 2016-ի, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ` Խաղաղութեան համաշխարհային 49րդ օրուայ եւ Ամենասուրբ Աստուածածնայ տօնի առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը կը մատուցէ գոհաբանական Սուրբ Պատարագ։ Նշենք որ Խաղաղութեան համաշխարհային 49րդ օրուայ պատգամի նիւթն է  ''Յաղթէ անտարբերութիւնը եւ ձեռք բեր խաղաղութիւնը''։

Իսկ չորեքշաբթի  6 յունուար 2016-ին Աստուածայայտնութեան տօնին օրը Ֆրանչսիկոս Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.