2015-12-15 11:49:00

''Քրիստոնէութիւնը ազգերու ընծայուած պարգեւ մըն է'' կ՛ընդգծեն 25 Րաբունապետեր։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնէութիւնը ազգերու ընծայուած պարգեւ մըն է'' ̦ կ՛ընդգծեն իսրայէլացի ամերիկացի ու եւրոպացի օրթոտոքս 25 րաբունապետեր, իրենց հրատարակած մէկ յայտարարութեան մը մէջ որ  հրապարակուած է Դեկտեմբեր ամսոյն սկիզբը ։

Յայտարարութիւնը կը ներկայացնէ քրիստոնէութիւնը որպէս մէկ մաս հրէութեան։ Քրիստոնէական կրօնքը ծագում առած է աստուածային կամքով­, ըստ որուն հրեաներն ու քրիստոնեաները կանչուած են միասնաբար աշխատիլ` աշխարհի փրկութեան համար։

Յայտարարութեան բնաբանն է կատարել երկնաւոր Հօր կամքը։ Անիկա պտուղն է ''Nostra Aetate'' վատիկանեան Տիեզերակալն Բ ժողովի վաւերագրին, որ լոյս տեսաւ 50 տարի առաջ եւ որ կը հայի ոչ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն հետ Եկեղեցւոյ երկխօսութեան, որոնց շարքին նաեւ Քրիստոնեայ - Հրեայ երկխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.