2015-12-15 09:30:00

ՄԱԿ՝ 2016 Թուականին Սուրիացիներուն օգնելու համար կը պահանջուի 3,2 միլիառ տոլար. ՄԱԿ


ՄԱԿ-ին ու անոր գործընկերներուն 3,2 միլիառ տոլար կը պահանջուի 2016 թուականին Սուրիոյ բնակիչներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ԹԱՍՍ գորխակալութիւնը կը փոխանցէ, որ Դեկտեմբեր 14-ին Դամասկոսի մէջ այդ մասին յայտարարած է համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Սթիվըն Օպրայըն: Անոր խօսքով` կարիքաւոր սուրիացիներուն թիւը կը հասնի 13,5 միլիոնի:

«ՄԱԿ-ը իր գործընկերներուն հետ միասին աւարտած է 2016 թուականի համար մարդասիրական արձագանգման ծրագրի մշակումը: Մեզի անհրաժեշտ է 3,2 միլիառ տոլար օգնութիւն ցուցաբերելու համար 13,5 միլիոն սուրիացիներու, որոնք տարաբնոյթ աջակցման կարիք ունին»,- ըսած է Օպրայընը:

Ան յայտնած է, որ այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ մէջ 400 հազար մարդ կ՛ապրի շրջափակման պայմաններու մէջ, եւս 4,5 միլիոնը մարտերու պատճառով կը գտնուին դժուարամատչելի շրջաններու մէջ: Անոնց համապատասխանաբար միայն 1,5 եւ 7 տոկոսը տարեսկիզբէն մարդասիրական օգնութիւն ստացած է ՄԱԿ-էն ու գործընկերներէն, նշած է գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը: Ան յիշեցուցած է, որ բնակչութեան մարդասիրական օգնութեան անարգել մատակարարման ապահովումը «հակամարտութեան բոլոր կողմերուն պարտաւորութիւնն է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.