2015-12-14 13:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 14 դեկտեմբերի քարոզը՝ գեղեցիկ է յուսալ Աստուծոյ Ողորմութեան։


(Ռատիօ Վատիկան)Աստուծոյ ողորմութեան հանդէպ յոյսը նոր  հորիզոններ  կը բանայ եւ մեզ ազատ կը դարձնէ, մինչ՝ կղերական խստութիւնը կը փակէ սրտերը,  այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի 14 դեկտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ Գրային ընթերցումը՝ քաղուած Թուոց գիրքէն, ուր կը խօսուի Բաղաամ մարգարէի մեղքերուն մասին  Ֆրանչիսկսո Պապ յարեց թէ բոլորս մեղաւորներ ենք բայց երբեք՝ վախնալու չենք, որովհետեւ Աստուած աւելի մեծ է քան մեր մեղքերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց, թէ Բաղաամ Մարգարէն Տիրոջ հրեշտակին հանդիպելէ ետք փոխեց իր սիրտը ու պատմեց թէ  Աստուծոյ ժողովուրդը կը բնակի անապատին մէջ զետեղուած վրաններուն մէջ սակայն անոնք անապատէն անդին կը տեսնեն բեղնութիւնը, գեղեցկութիւնը ու յաղթութիւնը։

Բաղաամ մարգարէն սիրտը բանալէն վերջ դարձի եկաւ, հեռուն եւ  ճշմարտութիւնը տեսաւ Ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հաստատեց  թէ բարի կամք ունեցող անձը միշտ ճշմարտութիւնը կը տեսնէ եւ  ճշմարտութիւնը   յոյս կը ներշնչէ։

Յոյսը՝ Տիրոջ կողմէ  շնորհուած, քրիստոնէական առաքինութեան   պարգեւ մըն է, որ հեռու տեսնելու կարողութիւնը կու տայ,  հարցերէն, ցաւերէն , մեղքերէն անդին, տեսնել կու տայ՝   Աստուծոյ շքեղութիւնը։

Այս է մեզի պարգեւող  եկեղեցւոյ  յոյսն ու մարգարէութիւնը, այն  յոյսը որ  հորիզոները կը բանայ, որ ազատութիւն է եւ ոչ թէ ստրկութիւն։  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով օրուայ Աւետարանի  ընթերցանութեան՝ ուր քահանայապետերը Յիսուսին հարց կու տան թէ ի՞նչ իշխանութեամբ կը գործէ,  յարեց, թէ անոնք հորիզոններէ զուրկ էին, եւ փակուած էին իրենց հաշիւներուն մէջ՝ ստրուկներ դառնալով։ Մարդկային  հաշիւները ըսաւ Սրբազան Հայրը կը փակեն սիրտը, կը փակեն ազատութիւնը  մինչ՝ յոյսը թեթեւութիւն կու տայ, ապա քարոզը եզրափակելով յարեց թէ Աստուած ամէն ինչ կը ներէ, Ան միայն կը սպասէ  որ Իրեն մօտենանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.