2015-12-14 13:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց ՝՝Փոլիքորօ՝՝ ծրագրի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 14 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Սրի Լանքայի հանրապետութեան նախագահը եւ անոր ընկերացող շքախումբը ապա ընդունեց Մեքսիքոյի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ ՔրիստոՖ Փիէր­­,  հուսկ Արժանթինի պաշտպանութեան նախարարութեան դատաւորներու եւ փաստաբաններու միութեան անդամները։ 

Ապա ժամը 11.45-ին, Նորին Սրբութիւնը  Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին իտալիոյ հարաւային շրջանի երիտասարդներուն  յատկացուած  ՝՝Փոլիքորօ ծրագրի՝՝ մասնակիցներուն։

Այս առթիւ ուղղած ճառին մէջ,  Նորին Սրբութիւնը մեկնելով Փալերմոյի  Եկեղեցւոյ  համագումարի մը ընթացին, 20 տարի առաջ ծնունդ առած՝՝Փոլիքորօ ծրագիրի՝՝ պատմականէն,  որուն կէտնպատակն է թիկունք կանգնիլ անգործութեան մատնուած ու կեանքի վտանգի մատնուած երիտասարդներուն, բարձր արժեւորեց ծրագրի գաղափարականներն ու գործունէութիւնը ի սպաս երիտասարդներուն, անոնց կազմաւորումին,  ու աշխատանքային աշխարհի մէջ անոնց ներմուծումին,  հրամայական նկատելով երբեք մոռացութեան չի մատնել մարդու արժանապատուութիւնն ու անոր վերահաստատումը   

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով ներկայի  երիտասարդներու կացութեան ու աշխատանքի պակասին   ընդգծեց թէ  աշխատանքը  քիչերուն սահմանուած պարգեւ մը չէ այլ բոլորին վերապահուած իրաւունք մըն է։

Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը բարձր որակեց Փոլիքորօ՝՝ ծրագրի՝ երիտասարդներու նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութիւնը որուն շնորհիւ անթիւ երիտասարդներ , քաջութեամբ եւ առանց յուսալքուելու կը շարունակել աշխատանք մը գտնել, ու հրաւիրեց ծրագրի մասնակիցները շարունակելու  ձեռնակներ մշակել, որոնց միջոցաւ երիտասարդները, ոչ միայն գործ մը կը գտնեն այլ գործի միջոցաւ  յայտնաբերեն աշխատանքի կոչումն ու անոր բարձր իմաստը որ կ՝երթայ նիւթական շահերէն անդին դառնալու համար աշխարհի, ընկերութեան ու կեանքի կառուցողներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ճառին աւարտին  ներկաներէն խնդրեց, որ երիտասարդներուն աշխատանք ճարելու պարտականութենէ զատ ունենան նաեւ  պատասխանատուութիւնը  աւետարանացումի՝ Ան ապա խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն յանձնառումին համար ու զանոնք յանձնելով Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութեան ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել նաեւ իրեն համար








All the contents on this site are copyrighted ©.