2015-12-14 09:33:00

Եկեղեցական գիտելիքներ Յիսնակաց Ե. Շաբաթ (13-20 Դեկտեմբեր 2015)


Յիսնակաց 5-րդ  շաբաթը ներողամտութեան շաբաթն է. կիրակի օրուան Աւետարանին մէջ` Յիսուս կը խնդրէ առաքեալներէն որ ներում շնորհեն անոնց որոնք իրենց դէմ յանցանք մը կը գործեն. Ոչ թէ օրական միայն մէկ կամ երեք անգամ, ինչպէս օրէնքը կը հրամայէ, այլ նոյնիսկ եօթն անգամ.  Եօթն՝ կատարելութեան թիւն ըլլալով։ Մէկ խօսքով` Յիսուս կ՛անցնի օրէնքէն անդին, բայց ոչ օրէնքէն դուրս. Յիսուս միշտ յարգած է օրէնքը, սակայն սէրը չի կրնար սահմանափակուիլ օրէնքով. Կ՛անցնի անկէ անդին եւ շատ աւելի վեր. Նոր օրէնք մը կը ստեղծուի, սիրոյ օրէնքը որ կը գերազանցէ ամէն տեսակ օրէնսդրութիւն, քանի գիրէն վեր կը բարձրանայ եւ հոգի կու տայ։

Երկուշաբթի 14 Դեկտեմբերին, տօնն է Սուրբ Իգնատիոսի. Վկայաբանութեան մէջ` զինք (Սուրբ Իգնատիոսը) կը կոչենք աստուածազգեաց հայրապետ, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, ինքն էր այն մանուկը զոր Յիսուս Կափառնաումի մէջ գրկեց եւ առաքեալներուն առջեւ դնելով` ըսաւ. Եթէ այս մանուկին պէս չըլլաք, չէք կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Ան աշակերտած է Յովհաննէս աւետարանչին եւ Անտիոքի 3-րդ հայրապետը եղած է։ 114 թուին, Հռոմ տարուած է եւ նահատակուած` կրկէսին մէջ, գազաններու առջեւ նետուելով։ Գրած է 7 նամակներ զանազան եկեղեցիներուն ուղղուած։

Երեքշաբթի 15 Դեկտեմբերին` Նիկոմիդիայի շրջանէն` կը տօնենք Թէոպոմպաս եպիսկոպոսը, որ քաջաբար դէմ դրաւ կայսեր հրամանին, որ էր պաշտել կուռքերը։ Կանչեցին Թէովնաս կախարդը, որպէսզի զինք հմայէ եւ համոզէ որ ուրանայ քրիստոնէութիւնը, սակայն իր բարութեամբ` Թէոպոմպաս զինք դարձի բերաւ եւ երկուքը միասին նահատակուեցան։ Նոյնպէս դարձի եկան եւ նահատակուեցան եպիսկոպոսին չորս բանտապահներն ալ, որոնք էին Բասոս, Եւսեբիոս, Եւտիքէս եւ Բասիլիդէս։ Անոնց նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ 290 թուին։

 

Հինգշաբթի 17 Դեկտեմբերին կը յիշատակենք  Ադդէ հայրապետի եւ Աբգար թագաւորի  տօնը։

Շաբաթ 19 Դեկտեմբերին տօնն է Սրբոց Ինդոս Ներքինիին, Դոմնա կոյսին,Գղերիկոս քահանային եւ երկու բիւրոցն որոնք այրեցան Նիկոմեդացւոց  եկեղեցւոյ մէջ. նոյն օրը նաեւ տօնն  Քաղկեդոնի Ս. Ժողովի 636 հայրապետներուն։

Ինդոս վկան, Դիոկղետիանոսի կայսեր Նիկոմիդիոյ արքունիքին մէջ ներքինի մըն էր որ իր  քրիստոնեայ հաւատքին համար  կը բանտարկուի եւ ի վերջոյ վիզէն քար մը կախելով ծով կը նետեն զինք եւ այդպիսով կը մարտիրոսանայ, 303 թուականին:

Իսկ՝ Դոմնա կոյսը, Նիկոմիդիոյ կայսերական արքունիքին մէջ կուռքերու քրմուհին,  ձեռք ձգելով Պօղոս առաքեալին թուղթերը եւ Գործ Առաքելոց գիրքը, մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայ զանոնք եւ Ինդոս ներքինիին հետ քրիստոնեայ կը դառնայ: Կայսրը այս իմանալով, նախ կը բանտարկէ զիրենք եւ ապա վզերնուն քար մը անցնելով ջրամոյն կ’ընէ ու կը նահատակէ, 303 թուականին:

Գալով՝ Գղերիկոս քահանայի, Դիոկղետիանոսի եւ Գաղերիոսի հալածանքներու շրջանին Նիկոմիդիոյ մէջ ապրած քաջ քահանան։ Օր մը կայսրը յանկարծ մուտք կը գործէ եկեղեցի եւ հանդարտութեամբ կոչ կ’ուղղէ հաւատացեալներուն ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ վերադառնալ հեթանոսութեան: Ապա կը սպառնայ՝ տանջանքներով ու նահատակութեամբ պատժել իր հրահանգին չենթարկուողները: Միւս կողմէ պատիւներ կը խոստանայ անոնց՝ որոնք քաջութիւն կ’ունենան ուրանալու քրիստոնէութիւնը: Այդ միջոցին Գղերիկոս քահանան ոտքի կ’ելլէ, քաջութեամբ կը պաշտպանէ քրիստոնէութիւնը կայսեր դիմաց եւ կը յայտնէ անոր թէ իրենք ունին աւելի զօրաւոր Թագաւոր մը, որուն համար նահատակութիւնը ամենամեծ պատիւը կը նկատեն իրենք:
Կայսրը հաւաքելով իր զինուորները անձայն կը հեռանայ եկեղեցինէն: Քիչ ետք զինուորները կը խուժեն եկեղեցի եւ ձերբակալելով Գղերիկոս քահանան կը տանին զայն կայսեր դիմաց: Կայսրը նախ անտանելի չարչարանքներով կը տանջէ քահանան եւ ի վերջոյ կրակի մէջ նետելով կը նահատակէ՝ 303 թուականին:

Երկու բիւրուց վկաները.
Քրիստոնէութեան դէմ հալածանքի շրջանին, երբ Նիկոմիդիոյ հաւատացեալները, թիւով քսան հազար, Ս. Ծննդեան տօնի առիթով եկեղեցի հաւաքուած էին Ս. Պատարագին մասնակցելու, կայսրը յանկարծ կուռք մը դնել կու տայ եկեղեցւոյ մուտքին եւ կը հրամայէ հաւատացեալներուն, որ անոր երկպագելով դուրս գան եկեղեցիէն: Ոչ ոք կը հնազանդի կայսեր հրահանգին, որու պատճառով կայսրը այրել կու տայ եկեղեցին եւ անոր մէջ գտնուող քսան հազար քրիստոնեանները, որոնք հաւաքական մարտիրոսութեամբ կ’արժանանան փառքի պսակին:

Կիրակի 20 Դեկտեմբերը Յիսնակաց Զ. Կիրակին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.