2015-12-14 09:52:00

Եգիպտոսի մէջ Ռայի Պատրիարք - Թէոդորոս Բ. Պապ հանդիպում։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնական եւ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնած էր Եգիպտոս, հանդիպում մը ունեցաւ ղպտի համայնքի Թէոդորոս Բ. պապին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ մարոնի եւ ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Թէոդորոս Բ. պապը մաղթեց, որ Լիբանան մնայ խաղաղ եւ ունենայ հանրապետութեան նախագահ մը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանան վերադառնայ իր նախկին դերակատարութեան` յաւելեալ բարգաւաճում եւ յառաջդիմութիւն արձանագրելով:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ազհարի շէյխ իմամ Ահմետ Թայէպի հետ:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Գահիրէի մէջ գտնուող մարոնի համայնքի Եգիպտոսի եւ Սուտանի առաջնորդարանը, ինչպէս նաեւ Մար Ժըրժոս եկեղեցին, ուր նախագահեց պատարագի մը:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական աթոռի թափուր մնալուն առաջին օրէն իսկ ինք կոչ ուղղած է երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն` կատարելու իրենց ազգային պարտականութիւնը եւ գործադրելու երկրին սահմանադրութիւնը, այլ խօսքով` ընտրելու հանրապետութեան նախագահը:

Ան հաստատեց, որ ինք բազմիցս հրաւիրած է լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրարու հետ անկեղծ խորհրդակցելու` ազգային համապարփակ որոշում մը տալու նպատակով, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնած է, որ անոնց կողմէ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան նուէրը ըլլայ նոր նախագահի ընտրութիւնը:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ թեկնածուի անուն պիտի առաջարկէ:

«Ոչ ոք իրաւունք ունի այս կամ այն թեկնածուին անունը առաջադրելու եւ այս կամ այն թեկնածուն պատժելու կամ լուսանցքայնացնելու», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ Լիբանանը ժողովրդավար երկիր է, ուր քաղաքական ուժերն ու երեսփոխանական պլոքները կ՛առաջադրեն նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.