2015-12-14 09:30:00

Ազգային ճակատը ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին պարտութեան մատնուեցաւ


Ֆրանսայի մէջ երէկ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանի նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատը պարտութեան մատնուելով գրաւած է երրորդ դիրքը:

Հակառակ մէկ շաբաթ առաջ Ֆրանսայի 13 շրջաններէն վեցին մէջ յաղթանակ արձանագրելուն, կուսակցութիւնը ձախողած է որեւէ շրջանի մէջ յաղթանակ արձանագրելու: Աւելի՛ն, կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն եւ անոր զարմիկը, որոնք ընտրութիւններուն թեկնածու ներկայացած էին, պարտութեան մատնուած են:

Ըստ նախնական տուեալներուն, առաջին դիրքը կը գրաւէ նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի ղեկավարած կեդրոն-աջ Հանրապետական կուսակցութիւնը, իսկ երկրորդ դիրքի վրայ է իշխող Ընկերվարական կուսակցութիւնը: Կը հաղորդուի, որ Լը Փեն ապահոված է քուէներուն 42,5 առ հարիւրը, իսկ Հանրապետական կուսակցութիւնը` 57,5 առ հարիւրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.