2015-12-13 12:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Նայրոպիի Առեւտրականութեան միջազգային կազմակերպութեան հաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 12 դեկտեմբեր 2015-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին  Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն յայտնեց թէ, Փարիզի վեհաժողովը եզրափակուեցաւ համաձայնութեան մը ստորագրութեամբ որ շատերը կը նկատեն որպէս պատմական։ Այդ համաձայնութիւնը ի գործ դնելը կը պահանջէ միահամայն յանձնառում եւ իւրաքանչիւրի վեհանձն նուիրում։ Մաղթելով որ ապահովուի դիւրաբեկ ժողովուրդներուն հանդէպ ուշադրութիւը կը խրախուսեմ  համայն միջազգային ընկերութիւնը յանձնառումով շարունակելու ընթացք առած ճանապարհը, զօրակցութեան հոգիով, որ միշտ աւելիով դառնայ գործնական։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յայտնեց թէ յառաջիկայ երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, Նայրոպի քաղաքին մէջ, սկիզբ պիտի առնէ, առեւտրականութեան միջազգային կազմակերպութեան  նախարարական հաւաքը, եւ այս առընչութեամբ կոչ ուղղեց հաւաքի մասնակցող երկիրներուն, որպէսզի  իրենց վճռելի որոշումներուն մէջ նկատի առնեն աղքատներուն կարիքները ինչպէս նաեւ թերաճ երիրներու ձգտումները` ի սպաս մարդկային ընտանիքն ընդհանուր բարքին։ 

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ  աշխարհի բոլոր պազիլիքաներուն մէջ բացումը կատարուեցաւ Յոբելենական Տարւոյն դռներուն ու մաղթանք յայտնեց որ  այս ժամանակը ըլլայ խթան դառնալու Աստուծոյ քնքշութեան գործիքներ։ Ան ապա յայտնեց թէ  որպէս  ողորմութեան արտայայտութիւն պիտի բացուին յատկանշական վայրերու դռները ու ողջունեց  աշխարհի բոլոր բանտարկեալները հուսկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը ներկայ գտնուող զանազան խումբերուն  ու բարի կիրակի մաղթեց  բոլորին անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.