2015-12-13 10:15:00

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի Սուրբ դրան բացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 13 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի իր թեմին աթոռանիստ եկեղեցւոյ­, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ նախագահեց Յոբելենական Տարւոյն Ողորմութեան Սուրբ դրան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը ապա նոյն պազիլիքային մէջ հանդիսապետեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը հաստատեց թէ Սաղմոսերգուին Երուսաղէմի ուղղուած հրաւէրը այսօր ուղղուած է համայն Եկեղեցւոյ ''Ուրախացիր.... հրճուէ''։ Ուրախութեան պատճառը արտայայտուած է խօսքերով որոնք յոյս կը ներշնչեն. Տէրը ամէն մէկ դատավճիռ ջնջեց եւ որոշեց ապրիլ մեր մէջ։

''Յիսնակացի այս երրորդ Կիրակին մեր հայեացքը կը հրաւիրէ Սուրբ Ծննդեան'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ Տիրոջ գալուստը մեր սրտերը կը լեցնէ ուրախութեամբ ու զանոնք կը մղէ յոյսի։ Այսօր մեզմէ կը խնդրուի չյուսալքուիլ, տարակոյսի, անհամբերութեան եւ տառապանքի պատճառաւ, որովհետեւ Աստուած պիտի պաշտպանէ իր ժողովուրդը։ Տէրը մօտիկ է եւ ասոր համար պէտք է ուրախանանք ու բոլորին վկայենք Աստուծոյ այս մօտիկութիւնը եւ խնամակալութիւնը ամէն անհատի։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Սուրբ դրան բացման, այստեղ ու համայն աշխարհի մէջ ու հաստատեց թէ ''ընթացք կ՛առնէ վեհանձն ներումի ժամանակը։ Ողորմութեան Յոբելեանն է։ Ժամն է վերագտնելու Աստուծոյ ներկայութիւնը ու անոր Հօրենական քնքշութիւնը։ Մենք եւս կը նմանինք այն ամբոխին որ Յովհաննէս կարապետին հարց կու տար ''Ի՞նչ ընելու ենք'' ու պատասխանը հրաւէր մըն է գործելու արդարութեամբ ու հոգալու անոնց որոնք կարիքն ունին մեր օգնութեան։ Մեզմէ նաեւ կը խնդրուի, այս Սուրբ Դռան սեմին, ըլլալու ողորմութեան գործիքներ, այն գիտակցութեամբ թէ օր մը դատաստանի պիտի կանչուինք։ Մկրտեալը գիտէ թէ մեծ յանձնառում մը ունի։ Քրիստոսի մէջ հաւատքը կը ներկայացնէ համայն կեանքի ուղեւորութիւն մը` այն է ըլլալ ողորմած այնպէս ինչպէս Հայրը ողորմած է։ Սուրբ Դուռէն անցնելու ուրախութիւնը ուղեկից է այն յանձնառութեան ընկալելու եւ վկայելու սէր մը որ կը գերազանցէ արդարութիւն, սէր մը որ անսահման է։ Եւ մենք ունինք այս անհուն սիրոյն պատասխանատուութիւնը հակառակ մեր  հակասութիւններուն։

Աղօթենք մեզի ու բոլոր անոնց համար որոնք պիտի անցնին Ողորմութեան Սուրբ Դուռէն որպէսզի կարենանք հասկնալ եւ ընկալել մեր երկնային Հօր անհուն սէրը որ կը վերանորոգէ եւ կը կերպարանափոխէ մեր կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.