2015-12-12 10:03:00

Յիսուսեաններու պարբերաթերթի տնօրէնի ելոյթը Յոբելեանի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսեաններու ''Չիվիլթա Կաթթոլիքա'' պարբերաթերթի տնօրէն` հայր Անթոնիօ Սփատարօ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով Յոբելեանի նիւթին մասին  յայտնեց թէ երեք տարի առաջ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը` 12 Սեպտեմբեր 2012-ին օգտագործելով ընկերային համացանցը սկիզբ տուաւ Twitter-եան  @Pontifex կայքին։ Այս նախաձեռնութեամբ Սրբազան Հայրը ցոյց տուաւ որ ընկերային համացանցերը վայրեր են բաժնեկցելու հաւատքի ու կեանքի անձնական փորձառութիւնը ուրիշներուն հետ։ Այսօր այս կայքը` իր ինը լեզուներով, աւելի քան 25 միլիոն հետեւողներ ունի։

Հայր Անթոնիօ Սփատարօ պատասխանելով Ռատիովատիկանի հարցումներուն ընդգծեց Պապին ներկայութեան յոյժ կարեւորութիւնը ընկերային համացանցին մէջ, այսօր որ եկեղեցին կ՛ապրի Ողորմութեան Յոբելենական տարին։

Նշենք որ հայր  Անթոնիօ Սփատարօ վերջերս հրապարակած է գիրք մը ''երբ հաւատքը կը դառնայ համացանց'' վերտառութեամբ։

Իմ առաջին խորհրդածութիւնն է որ ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ նախընտրութիւն ունի մարդոց հետ շփում հաստատելու, զանոնք շոյելու, ողջագուրելու եւ գրկաբաց ընդունելու։ Պապին այս ֆիզիկական կապը նման է ընկերային համացանցի կապին։

ֆրանչիսկոս Պապին ոճը պարզ է հակիրճ ու բազմութիւններէն հասկնալի։ Ան գիտակից է որ Աւետարանի իմաստութիւնը կ՛արտայայտուի պարզ ու հակիրճ պատգամներով։ Անոր հետեւող 25 միլիոն անձերը կը բաժնեն անոր խորհրդածութիւնները։ Յիշեցնենք որ 20 տարի առաջ ս· Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի կամքով ծնունդ առաւ Vatican.va համացանցը, Քահանայապետերու մարգարէական շունչը յաչս արդի արուեստագիտութեան իրապէս զմայլելի է։ Մոռնալու չենք որ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը կայանայ գտնուիլ այնտեղ ուր կան անհատներ։ Այսօր անոնք ներկայ են նաեւ ընկերային համացանցին մէջ։ Ուստի յանուն իր առաքելութեան Եկեղեցին պէտք է գտնուի համացանցին մէջ ուր այսօրուայ անհատները կ՛արտայայտեն իր պահանջքները, իղձերը ու կրօնական զգացումները։ Եկեղեցին չի գործածեր համացանցը ճանչցնելու ու տարածելու իր պատգամը որպէս թէ ըլլար միջոց մը։ Համացանցը լոկ միջոց մը չէ, այլ միջավայր մըն է կեանքի, միջավայր` ուր կարելի է բաժնել ուրիշին հետ ապրումները եւ փորձառութիւնները եւ Ողորմութեան Յոբելեանը բարեբեր առիթ մըն է ուրիշներու հետ բաժնեկցելու Յոբելենական տարուան ողորմութեան ապրումներն ու փորձառութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.