2015-12-12 13:26:00

Մեծ Եղեռնի հարիւր ամեակի շուքին տակ


Այս հաղորդաշարի ընթացքին ներկայացուցած էինք Հ. Ժորժ-Անրի Ռոյսսենի հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող հատորները։ Վերջերս լոյս տեսան խոստացուած 6րդ եւ 7րդ հատորները, որոնց պաշտօնական ներկայացումը կատարուեցաւ տարւոյս նոյեմբերին հեղինակի կողմէ։
Հ. Ռոյսսեն, ծնած 1967ին, պելճիքացի Յիսուսեան կրօնաւոր է։ Ան կանոնագիտութեան դասախօս է Փարիզի Սեւրի Կենդրոնի Յիսուսեան Կաճառի, եւ Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանի։ Հրատարակած 7 հատորներուն մէջ ան ներկայացուցած է Սուրբ Աթոռի զանազան դիւաններու մէջ գտնուող փաստաթուղթեր, որոնց մէջ վկայուած են հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը, եւ տեղահանութիւնը։
6րդ Հատորը կʼընդգրկէ 9 մարտ 1921էն 20 փետրուար 1923 ժամանակամիջոցի հայող փաստաթուղթեր։ Անոնք առնուած են Վատիկանի Գաղտնի Դիւանէն, եւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան Պատմական Դիւանի Պետութիւններու Յարաբերութիւններու Բաժանմունքէն։
Այս հատորի փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն ֆրանսական բանակի կողմէ կատարուած Կիլիկիոյ տեղահանութեան տաժանելի ժամանակաշրջանը, 1921ի Լոնտոնի համաձայնութիւնը, եւ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ անուան բնաջնջումի աշխատանքները քեմալիստ վարչակարգի կողմէ։

Սուրբ աթոռի բազմաթիւ ճիգերը՝ պահպանել հայերու եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու գոյութիւնը Միջին Ասիոյ տարածքին, ապահովել անոնց իրաւուքները՝ ի զուր էին։ Սուրբ Աթոռին կը մնար միայն հայոց զանգուածային տեղահանութեան ընթացքին՝ ընկերակցիլ ժողովուրդին եւ ցուցաբերել մարդկային տարրական խնամակալութիւն։

Հատորիս մէջ յիշուած փաստաթուղթերու մեծ մասը ցարդ չէր հրատարակուած։ Հ. Ռոյսսէն զանոնք կը ներկայացնէ ժամանակագրական հերթով։ Հրատարակութիւնը կʼամբողջանայ գլխաւոր դերակատարներու կենսագրական գիծերով, անձնանուններու եւ տեղանուններու, եւ փաստաթուղթերու ցանկերով։

7րդ հատորը կը բովանդակէ փաստաթուղթեր յիշեալ երկու դիւաններէն։ Այս հատորին մէջ կը ներկայացուին 20 փետրուար 1923էն մինչեւ 24 յունուար 1930 տեւող ժամանակաշրջանի վաւերագրեր։ 1923ի փետրուար 24ին, Լոզանի Ժողովը վերջնականապէս կը փակէր հայկական հարցը։

Հակառակ անարդար որոշումներու, Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ իր ջանքերը՝ կարելի եղածին չափ ամրապնդել քրիստոնեաներու կարգավիճակը Թուրքիոյ իրաւական նոր պայմաններուն դիմաց։ Սուրբ Աթոռը ջանք չի խնայեր որ պահպանուին կրօնքի ազատութիւնը, եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու մէջ ուսուցման եւ ներքին կառավարման իրաւունքները։

Քեմալական կառավարութիւնը կը փորձէր վերացնել փոքրամասնութիւններու բոլոր իրաւունքները, եկեղեցական իշխանութիւններու առանձնաշնորհումները, բռնագրաւել փոքրամասնութիւններու ստացուածքները. մինչ Սուրբ Աթոռը անխոնջ աշխատանք կը տանէր զանոնք պահպանելու։

Նաեւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները բողոք կը ներկայացնեն Ազգերու Միութեան՝ չեղեալ նկատել Լոզանի Դաշնագրի անիրաւ որոշումը։ Սակայն ի զուր։

1928 յուլիսի 1ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը կը փոխադրուէր Լիբանան, զայն դուրս բերելու համար թուրք պետութեան ճնշումէն։

Հ. Ռոյսսենի աշատանքը յոյժ գնահատելի է, որովհետեւ ան նկատի կʼառնէ ցարդ չհրապարակուած փաստաթուղթեր, որոնք նոր լոյս մը կը սփռեն թրքական վայրագութիւններու եւ եւրոպական պետութիւններու անտարբերութեան վրայ։ Անոնք կը ներկայացնեն Սուրբ Աթոռի հոգատարութիւնը եւ իրաւունքներու պահպանման աշխատանքները նկատմամբ հայերու եւ այլ քրիստոնեայ համայնքներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.