2015-12-12 12:11:00

ՄԱԿ-ի նիստը մեծ խանդավառութեամբ ողջունած է Ֆրանչիկսոս Պապի յանձնառումները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ժընեւի ՄԱԿ-ի  կեդրոնատեղիին մէջ կայացած, ցեղային խտրականութեան ոչնչացման յատուկ կոմիտէի գումարած ժողովին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի  մնայուն դէտ  Արքեպիսկոպոս Սիլվանօ Մարիա Թոմազի, Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ  ունեցած զրոյցի մը ընթացքին,  յայտնեց, թէ   ժողովի  յանձնախումբի անդամները մեծ խանդավառութեամբ ողջունած են Ֆրանչիսկոս Պապի յանձնառումները հայող՝ ''ցեղային խտրականութեան  ոչնչացման'', ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան  յստակ  դերակատարութիւնն ու պատգամը՝  առանց խտրականութեան  բոլորին ներառնել  ընկերային կեանքին մէջ  եւ յարգել իւրաքանչիւրին մարդկային անձը։ 

Յայտնենք, թէ ժողովի աւարտին հրատարակուած ,ՄԱԿ-ի՝ Ցեղային խտրականութեան  ոչնչացան  յատուկ կոմիտէի ներկայացուցած  եզրափակիչ դիտողութիւններուն առանցքը եղած է Ֆրանչիսկոս Պապի յանձնառումը,  այն է  պայքարիլ աղքատութեան դէմ,  նկատի առնելով թէ աղքատները  յաճախ՝ ընկերութենէն մեկուսացուած անձեր են։

Կոմիտէի ներկայացուցած թղթածրարին մէջ նախատեսուած են զանազան յանձնառումներ,  կանխարգիլելու համար նման վտանգներ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.