2015-12-12 08:45:00

Հայր Մուրատ. Ողորմութեան Յոբելեանը կարող է հզօրացնել իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը


 

(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇի մօտ հինգ ամիսներ գերի ինկած ապա ազատ արձակուած` Հայր Ժաք Մուրատին գնահատումով, Ողորմութեան Յոբելեանը բարեբեր առիթ մը կրնայ հանդիսանալ  ամրապնդելու ու հզօրացնելու երկխօսութիւնը մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ։ Մահմետականներու կրօնը ողորմութեան կրօն է, ըսաւ Ան, քանի իրենց ամէն մէկ աղօթքը կամ խօսակցութիւնը կը սկսի գուրանի առաջին այս համարով  ''յանուն ողորմած ու գթասիրտ Աստուծոյ''։

13 Դեկտեմբերին հայր Մուրատ պիտի մասնակցի Լատերանի ս· Յովհաննէս պազիլիքայի ս· Դրան բացման արարողութեան։ Այս առթիւ ան առիթ պիտի ունենայ հանդիպելու ֆրանչիսկոս Պապին հետ ընդունելով անոր օրհնութիւնը։ Հայր Մուրատ ապա մտադրած է վերադառնալ Սուրիա` շարունակելու իր առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.