2015-12-11 10:25:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 11 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առ ի պատրաստութիւն Յիսնակացի խորհրդածական նիստին զոր կատարեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան որ այս տարուայ  որպէս կեդրոնական նիւթ ընտրած է ''Քրիստոս Ժողովուրդներու լոյս'' ներշնչուելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի փակման 50-րդ տարեդարձի յիշատակութիւնէն եւ խորհրդածութիւնները հիմնելով  ''Ժողովուրդներու Լոյս'' Վատիկանեան Բ Ժողովի սահմանադրական վաւերաթուղթի վրայ։

Վերոնշեալ խորհրդածութիւնները աւանդութեան համաձայն տեղի կ՛ունենան Առաքելական Պալատի  Ռետեմթորիս Մաթեր անուամբ մատրան մէջ մասնակցութեամբ  կարդինալներուն, Արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն, Վատիկանեան հաստատութիւններու քարտուղարներուն ու Հռոմի Քուրիայի ներկայացուցիչներուն։

Այս երկրորդ խորհրդածութեան նիւթը հանդիսացաւ Վատիկանեան ''Ժողովուրդներու Լոյս'' վաւերաթուղթի  հինգերորդ գլուխը` ''Քրիստոնեաներու տիեզերական կոչումը Սրբութեան'', որուն ընդմէջէն Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան ընդգծեց Աստուծոյ ժողովուրդին կոչումի նպատակը որ է` ձգտիլ սրբութեան որովհետեւ իրենց Աստուածը սուրբ է, ու մեկնաբանեց այս ուղեւորութեան  իմաստը հիմնուելով նորութեան վրայ զոր Քրիստոս բերաւ աշխարհ­, հարթելով ճանապարհը սրբութեան, որպէս օրինակ թողելով մեզի իր կեանքն ու գործերը եւ մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին։

Երկարաշունչ խորհրդածութեան աւարտին Հայր Քանթալամեսսան հրաւէր ուղղեց շարունակելու դէպի սրբութիւն տանող ուղեւորութիւնը, հակառակ խոչընդոտներուն եւ արգելքներուն ու այս մէկը կատարելու ապաշխարութեան հոգիով ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հարցումով ''ես սրբութեան անօթութիւնն ու ծարաւը կը զգա՞մ կամ կը ձգտիմ համակերպիլ միջակութեան''։  

Առաքելական Պալատի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ տեղի ունեցող Յիսնակացի խորհրդածութեան նիստի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Քահանայապետի անմիջական խորհրդատու Ինը կարդինալներու 12-րդ ժողովի երկրորդ օրուայ նիստին։ Ժողովը սկիզբ առաւ 10 դեկտեմբերին ու վերջ կը գտնէ 12 դեկտեմբերին, որուն ընթացքին կը քննարկուին

Եկեղեցւոյ հայող հարցեր ու Եկեղեցւոյ կառոյցներու բարենորոգումներու հայող նիւթեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.