2015-12-11 11:33:00

Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները այցելեցին «Թռչնոց Բոյն»


Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ Դեկտեմբեր 10-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Ճպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան տարածքը գտնուող «Արամ Պեզիկեանի» անուան թանգարան` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ վերոնշեալ հաստատութեան մէջ ապաստան գտած որբերու յիշատակին: Հիւրերը ծաղիկներ զետեղեցին դանիացի միսիոներուհի Մարիա Եակոպսընի շիրիմին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԳՆ մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Ներկաներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Լիբանանին մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, մասնաւորապէս, նշեց, որ այցելութիւնը տեղի կ’ունենայ Մարդու իրաւունքներու միջազգային օրը, իսկ երէկ` Դեկտեմբեր 9-ին, առաջին անգամ միջազգային հանրութիւնը պաշտօնապէս նշեց Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակին, արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օրը: Ան աւելցուց, որ վերջինս Հայաստանի նախաձեռնութիւնն էր, որուն արդիւնքով Սեպտեմբեր 11-ին ՄԱԿ-ի ԳԱ 69-րդ նստաշրջանի ընթացքին համաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի ներկայացուցած համապատասխան բանաձեւը` ուղղուած ցեղասպանութեան ոճիրի դէմ միջազգային գործողութիւններու խթանման ու համախմբման: Դեսպանը ընդգծեց, որ այս տարուան ընթացքին յառաջադէմ մարդկութիւնը իր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Ան նշեց, որ այս տարի կը նշուի նաեւ Օսուենցիմի ազատագրման 70-րդ, Քամպոտիոյ ցեղասպանութեան 40-րդ, ինչպէս նաեւ Պոնտոսի յոյներու, ասորիներու եւ Ռուանտայի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու տարելիցները: Դեսպանի խօսքով` միջազգային հանրութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ ՏԱՀԷՇ-ի, Ալ-Նուսրայի, այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ գործուած նմանատիպ յանցագործութիւններուն հանդէպ:

Դեսպան Քոչարեան թուարկեց այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնց խորհուրդով այս տարի ամբողջ աշխարի մէջ իրականացուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ. ատոնք են` յարգանքի տուրք նահատակներու յիշատակին, երախտագիտութիւն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն եւ միջազգային կառոյցներուն, միջազգային պայքար եւ վերածնունդ: Դեսպանը շեշտեց միասնականութեան եւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը ապագային նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման գործին մէջ:

Այնուհետեւ ներկաները շրջայց կատարեցին հաստատութեան տարածքով, այցելեցին թանգարան, ուր ցուցադրուած են բազմաթիւ փաստագրական նիւթեր Հայոց Ցեղասպանութեան, որբանոցի հիմնադրման եւ Մարիա Եակոպսընի մարդասիրական գործունէութեան վերաբերեալ:

Ձեռնարկին ծիրէն ներս Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ներկաներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի ողջոյնները եւ ներկայացուց մանրամասներ «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան մասին:

Ձեռնարկին մասնակցեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը, Պէյրութի դիւանագիտական մարմնի ղեկավարը, պապական նուիրակը, Լիբանանի ԱԳ եւ մշակոյթի նախարարներու ներկայացուցիչները, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողը, Պէյրութի մէջ հաւատարմագրուած երկիրներու դեսպաններ, Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի կեդրոնական մարմնի ատենապետը:








All the contents on this site are copyrighted ©.