2015-12-11 09:45:00

Աւստրիա սկսած է ցանկապատ կառուցել Սլովենիոյ հետ իր սահմանին վրայ


«Տը Լոքըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Աւստրիա սկսած է 3,7 քիլոմեթր երկարութեամբ ցանկապատի կառուցումը Սլովենիոյ հետ իր սահմանին վրայ:

Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կարծիքով` ատիկա անհրաժեշտ միջոց է տեղահանուածներու եւ ներգաղթեալներու հոսքին վերահսկողութեան համար:

Մետաղական ցանցէ կազմուած ցանկապատը, որուն բարձրութիւնը պիտի կազմէ 2,5 մեթր, անհրաժեշտութեան պարագային կարելի պիտի ըլլայ վերցնել` առանց վնասելու շրջակայ միջավայրին:

Աւստրիա-Սլովենիա սահմանը 330 քիլոմեթր է, ցանկապատը պիտի կառուցուի սահմանային անցակէտին մօտ, ուր տեղահանուածներու մեծագոյն հոսքը կ՛ըլլայ: Ներգաղթեալներուն մեծ մասը Աւստրիոյ ճամբով կ՛ուղղուին Գերմանիա եւ սքանտինաւեան երկիրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.