2015-12-10 12:32:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ


Աստուծոյ Ողորմածութիւնը Նարեկացի, Բան ԺԶ.

Աւետարանը լի է Աստուծոյ ողորմածութեան պատգամով։ Աստուծոյ սէրը մեզի ծանօթ է ոչ միայն Աստուածային յայտնութիւններով՝ այլ ինքնին մարմնացեալ սիրոյ՝ Քրիստոսի միջոցաւ։ Դարերու ընթացքին հոգեւոր հեղինակներ, աստուածաբաններ եւ եկեղեցւոյ հայրեր բազմիցս գրած ու խօսած են Աստուծոյ ողորմածութեան, գթասրտութեան եւ բարութեան մասին։ Աստուծոյ ողորմածութիւնը իրականութիւն մըն է, որուն մասին չի բաւեր խորհրդածել, այլ զայն պէտք վերածել հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ աղբիւրի՝ մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բացումը կատարեց յոբելինական բացառիկ տարւոյն, Աստուծոյ Ողորմածութեան տարւոյն։ Սոյն Սրբազան Պապը, տարւոյս ապրիլ ամսոյն, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ, որուն «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքը լի է Աստուծոյ Ողորմածութեան վկայութիւններով։ Շատ խոր է մարդու մեղսականութիւնը, բազմադիմի անոր չարութիւնը։ Սակայն Աստուծոյ ողորմածութիւնը եւ կարեկցութիւնը մարդ արարածին հանդէպ՝ անսահման է։ Գրիգոր Նարեկացի մանրամասնօրէն եւ ահարկու պատկերներով կը ներկայացնէ մեղքի խաւարը։ Սակայն միշտ Աստուծոյ ողորմածութիւնն է յաղթական, որ յոյս կը ներշնչէ մեղաւորին՝ կանգնելու եւ ընթանալու դէպի ողորմած եւ գթած Հայրը։

Մատեան Ողբերգութեան աղօթագրքի 16րդ գլխուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէ բարեգութ Աստուծոյ մեղսաքաւիչ ողորմածութիւնը։

 

«Արդ, Դուն ես միայն Աստուած երկնաւոր,

Բարձրեալ, բարեգործ.

Քուկդ են զօրութիւն եւ ներողութիւն,

Քուկդ՝ բժշկութիւն, եւ առատութիւն,

Քուկդ են պարգեւներ, Քուկդ միայն՝ առատ ձիրքեր,

Քուկդ են քաւութիւն եւ պաշտպանութիւն,

Քուկդ՝ բոլոր հնարներն անիմանալի,

Քուկդ՝ անգտանելի արուեստներ,

Քուկդ են չափերն անչափելի,

Դուն ես սկիզբը, Դուն ես վախճանը։

Բարկութեան խաւարը

Երբեք ստուեր չի ձգեր Քու ողորմութեանդ լոյսին վրայ.

Որովհետեւ Ինքդ մտքէ վեր՝

Ամբողջովին զերծ ես ախտէ եւ կիրքերէ։

Ով անպարագիր պատկեր՝

Կշռութեան սահմաններէն դուրս,

Ով անչափութիւն փառքի տարածութեան

Եւ անտարրափակ ընդարձակութիւն՝ հատու զօրութեան,

Բացարձակութեան անամփոփելի անսահմանութիւն,

Գթութեան անտկարանալի բարերարութիւն։

Մահուան ստուերը, ըստ մարգարէին՝ ցերեկի կը փոխես.

Ինքնակամօրէն իջար տարտարոս,

Արգելափակուածներու բանտը,

Ուր փակ էր նոյնիսկ աղօթքներու դուռը,

Եւ աքսորեալ հոգիներու աւարը այնտեղէն յափշտակելով՝

Յաղթական խօսքիդ հրամայող սուրով՝

Սատակիչ մահուան կապը կտրեցիր,

Եւ փարատեցիր մեղքի կասկածը։

Դարձիր այժմ ինձ, որ սահմռկած եմ,

Տղմալի գբիս խոր զնտանին մէջ՝

Մեղքի շղթայով ամուր կապուած եմ՝

Բանսարկուի նետի սլաքով խոցուած կարեվէր։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.