2015-12-10 09:49:00

Ռայի Պատրիարքը պաշտօնական եւ հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Եգիպտոս


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, հինգշաբթի 10 դեկտեմբերին, պաշտօնական եւ հովուապետական այցելութեամբ մը կը մեկնի Եգիպտոս, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ եգիպտացի պատասխանատուներուն հետ:

Եգիպտոս իր կատարելիք այցելութեան շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ նախագահական ընտրութեան մասին ընթացքի մէջ եղող խորհրդակցութիւնները:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է լուրջի առնեն նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը: Ան կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն վերջ տալու եսասիրութեան եւ ապա նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթին:

Միւս կողմէ, Պքերքէ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Ռայի պատրիարքին Թարթուս եւ Լաթաքիա այցելութիւնները հովուապետական բնոյթ ունէին, հետեւաբար ան Սուրիոյ իշխանութեան պետերուն կամ պատասխանատուներուն հետ հանդիպումներ չէ ունեցած:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.