2015-12-10 11:59:00

''Հրէականութեան հետ կրօնական յարաբերութիւններու'' յանձնախումբի նոր թղթածրարը։


(Ռատիօ Վատիկան)  50 տարի առաջ լոյս տեսաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի հրէութեան հետ կապերուն հայող  ''Nostra aetate'' վաւերաթուղթը, որուն 4-րդ յօդուածին մէջ կը ներկայացուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հրէա ժողովուրդի միջեւ  յարաբերութիւնը ՝ Աստուածաբանական նոր շրջագիծէն ներս։

''Հրէականութեան հետ կրօնական յարաբերութիւններու ի սպաս''  Յանձնախումբը վերջերս  հրատարակած է  նոր թղթածրար մը, որուն մէջ գոհունակութեամբ անդրադարձած է վերջին տասնեակ տարիներուն  իրագործուած այն բոլոր ծրագիրներուն՝ հայող Կաթողիկէներու եւ հրէաներու միջեւ կայացած յարաբերութիւններուն եւ երկխօսութեան։

Յանձնախումբը միաժամանակ  թղթածրարի մէջ  ներկայացուցած է    նոր խորհրդածութիւններ՝  Հրէաներու եւ կաթողիկէներու միջեւ  յարաբերութիւններու մասին զարգացնելու եւ ամրապնդելու նպատակով Հրէա, Կաթողիկէ երկխօսութեան աստուածաբանական ծաւալը։

Թղթածրարը կազմուած է 7 նիւթերէ, որուն առաջինը յատկացուած է   “Nostra aetate''  վաւերաթուղթի՝  սատարին, վերջին 50 տարիներուն ընթացքին։ Ապա Հրէա - կաթողիկէ երկխօսութեան Աստուածաբանական յատուկ սահմանադրութիւնը։ Հուսկ Յայտնութիւնը պատմութեան մէջ  որպէս ''Աստուծոյ Խօսք''  հրէականութեան եւ Քրիստոնէութեան համար։ Չորրոդ նիւթն է  ''Յարաբերութիւնը Հին եւ Նոր Կտակարանի միջեւ ինչպէս նաեւ հին եւ նոր ուխտի մէջեւ''. Հինգերորդ` Յիսուս Քրիստոսի Փրկութեան Տիեզարակնութիւնը եւ Աստուծոյ ու Իսրայելի միջեւ երբեք չի խզուած դաշինքը։ Ապա  ''Եկեղեցւոյ աւետարանութեան պատուէրը Հրէութեան հետ յարաբերութեան շրջագիխէն ներս'', հուսկ

Հրէութեան հետ երկխօսութեան կէտնպատակները։

Վերոնշեալ թղթածրարի ներկայացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 10  դեկտեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի Մամլոյ գրասենաեկի Յովհաննէս Պօղոս Բ դահլիճին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.