2015-12-10 10:32:00

Կարդինալ Ռավազի կը բացայայտէ Յոբելեանի նշանակութիւնը ս. գիրքին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Բոլոր Յոբելեանները պէտք են ըլլալ ողորմութեան ու զօրակցութեան առիթ'' յայտարարած է կարդինալ Ռավազիˋ նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի եւ որպէս Աստուածաշունչի հմուտ մասնագէտ իր խորհրդածութիւնը ներկայացուցած է  ողորմութեան նշանակութեան մասին։

8 Դեկտեմբերին սկիզբ առած Ս· Տարին Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին նիւթային Ս· Տարին է ̦ թէեւ ներողամտութեան ու կարեկցութեան ծաւալը անբաժան մէկ մասը եղած է Յոբելեանի հետ։ Յոբելենական դէպքը կը բացայայտէ Եկեղեցւոյ ճշմարիտ ոգիին սիրոյ, ազատագրումի, արդարութեան ու ժողովուրդներու միջեւ եղբայրակցութեան վերադարձը։ 2000-ի Յոբելեանի առանցքը եղաւ ներումի նիւթը, ս· Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Ս· Աթոռի սեմին ծունկի կեցաւ հակառակ իր հիւանդութեան, ներում խնդրելով անցեալին կատարուած բոլոր սխալներուն համար։

Յոբելեանի աստուածաշնչական արմատները կը գտնենք Հին Կտակարանին Ղեւտական գիրքի 25-րդ գլուխին մէջ ուր կը հաստատուի ողորմութեան  Յոբելեանին իմաստը եւ ուր կը խօսուի իւրաքանչիւր ընտանիքի պարտքի ջնջումի, հողին վերադարձի եւ ստրուկներու ազատագրումի մասին։ Մինչ Նոր Կտակարանին մէջ ''կարեկցիլ'' բայը 12 անգամներ գործածուած է Յիսուսի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.