2015-12-09 09:41:00

Ռուսաստանը Սուզանաւէն արձակուած հրթիռներով խոցած է «Իսլամական Պետութեան» դիրքերը


Ռուսաստանը յայտարարած է, որ առաջին անգամ սուզանաւէն արձակուած հրթիռներով հարուածած է «Իսլամական պետութեան»` Սուրիոյ տարածքին գտնուող դիրքերը:

Պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգուն ըսած է, որ Դեկտեմբեր 8-ին Միջերկրական ծովուն վրայ գտնուող «Տոնի Ռոստով» սուզանաւէն արձակուած «Գալիպրէ թեւաւոր»-ի հրթիռները յաջողութեամբ խոցած են նախանշուած թիրախները:

Ռուսաստանեան հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուած է Սերգէյ Շոյգուի հանդիպումը նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որուն ընթացքին Շոյգուն նաեւ ըսած է, որ Սուրիոյ տարածքին ռուսական վերջին գործողութիւններուն մասնակցած են նաեւ «Ту-22» ռմբակոծիչները` երեք օրուան ընթացքին իրականացնելով 60 ռազմական առաջադրանք:








All the contents on this site are copyrighted ©.