2015-12-09 12:28:00

Աշխարհը առաջին անգամ դեկտեմբեր 9-ը կը նշէ որպէս ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր


Դեկտեմբեր 9-ը միջազգային հանրութեան կողմէ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան ու այս յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր» հռչակելը աւելի շատ բարոյական կողմ ունի:

Դեռ Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած եւ առաջին անգամ ցեղասպանութիւններու զոհերու  յիշատակի օրը նշելու կարեւորութեան վերաբերեալ «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ՀՀԱզգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան:

«Ամէն տարի այս օրը յիշեցնելու է, որ մարդկութիւնը քաղաքական, բարոյական եւ հումանիտար (մարդկային –ԵՌԳ.) պարտք ունի` աշխարհում տեղի ունեցած բոլոր ցեղասպանութիւնների զոհերի յիշատակը յարգելու եւ ճանաչման միջոցով այլեւս թոյլ չտալու նոր ցեղասպանութիւնների կրկնումը», – ըսած է Արտակ Զաքարեան:

ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը աւելցուցած է, որ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի ընդունած բանաձեւը միջազգային հանրութեան վերաբերմունքն է ընդհանրապէս ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարին, որ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ եւ 84 պետութիւններու համահեղինակութեամբ հաստատուեցաւ:

««Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերի  յիշատակի եւ արժանապատուութեան ու այս յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օր» հռչակելը յանձնառութիւն է Հայաստանի եւ շատ պետութիւնների համար` պայքարելու մարդկութեան անվտանգութեան, մարդկութեան գոյութեան եւ բնականոն զարգացման հնարաւորութիւնների ապահովման համար, մարդկութեան դէմ ուղղուած բոլոր տեսակի յանցագործութիւնների պատժման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ ժամանակակից աշխարհում դրանք կանխարգելելու համար», – նշած է Արտակ Զաքարեան:

«Հայաստանի կողմից նախաձեռնած եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպէայի կողմից Ցեղասպանութիւնների զոհերի յիշատակի ոգեկոչման միջազգային օր սահմանելու փաստը շատ կարեւոր է: Նախ այն եւս մէկ անգամ հաստատում է, որ Հայաստանը ցեղասպանութիւնների դէմ համաշխարհային պայքարի առաջամարտիկն է: Դրա մասին են վկայում ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ընդունուած մի քանի բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ այս տարի Երեւանում անցկացուած Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ միջազգային ֆորումը»,- ըսած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմաբան Սուրէն Մանուկեան:

Պատմաբանը աւելցուցած է,  որ բացի այդ, այս Ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակման օր սահմանելը կը մտնէ ցեղասպանութիւններու  կանխարգիլման տրամաբանութեան մէջ, քանի որ կանխարգիլման կարեւորագոյն բաղադրիչը իրազեկուացութեան բարձրացումն է: Ան յիշեցուցած է, որ 65 տարի առաջ այս օրը` 1948-ի Դեկտեմբեր 9-ին ՄԱԿ ԳԱ ընդունեց Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատժի մասին համաձայնագիրը: Անիկա առաջին անգամ միջազգային իրաւունք ներմուծեց «ցեղասպանութիւն»` «Genocide» եզրը, տրուեցաւ անոր բնորոշումը իբրեւ մարդկութեան դէմ ծանրագոյն յանցագործութիւն, ինչպէս նաեւ սահմանեց ցեղասպանութիւնը կանխող եւ անոր համար պատիժ սահմանող փաստաթուղթ:

Մօտ երկու տարի անց` 1951-ի Յունուար 12-ին անիկա ուժի մէջ մտաւ: Այսօր համաձայնագիրը վաւերացուած է 141 երկիրներու կողմէ:

Հայաստանի մէջ եւս Դեկտեմբեր 9-ը սահմանուած է աշխարհի բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.