2015-12-08 16:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Հռոմի ''Սպանիա'' հրապարակին Անարատ Յղութեան արձանի ոտքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի  8 դեկտեմբեր 2015-ին, ըստ լատինաց Անարատ Յղութեան տօնին օրը։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յետմիջօրէին, այցելեց Հռոմի նշանաւոր հրապարակներէն ''Բիացցա տի Սպանիա'' կոչուած հրապարակը, ուր կը գտնուի ''Անարատ Յղացեալ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ'' բարձր արձանը, եւ ուր զետեղեց ծաղկեփունջ մը աղօթք մատուցանելով Աստուածամօր։
Նշենք որ Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ Յաւիտենական քաղաքի կեդրոնական այս հրապարակին վրայ բարձրացած` Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանի մեծարանքը Քահանայապետերու կողմէ սկիզբ առած է Պիոս ԺԲ Քահանայապետի օրով։ Ան հանդիսացած է առաջին Քահանայապետը որ Անարատ Յղութեան տօնին օրը ծաղիկ կ՛ուղարկեր Սպանիա հրապարակի վրայ գտնուող արձանին։ Իսկ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ, 1958-ին, անձամբ այցելած է Սպանիայի հրապարակը եւ այնտեղ զետեղած սպիտակ վարդերու փունջ մը։  Այդ օրէն, սոյն սովորութիւնը աւանդութիւն դարձած է եւ շարունակուած է Պօղոս Զ, Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետերու կողմէ։

Տիրամօր արձանի ոտքին արտասանած աղօթքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսաւ, կու գամ քեզի ընծայելու Աստուծոյ Ժողովուրդին հաւատքն ու սէրը։ Կու գամ ընտանիքներու անունով, մանուկներուն, երիտասարդներու ու ծերունիներու անունով, ինչպէս նաեւ հիւանդներու, բանտարկեալներու անունով եւ որպէս Հովիւ կու գամ բոլոր անոնց անունով որոնք ժամանած են հեռաւոր երկիրներէ` խաղաղութեան եւ աշխատանքի փնտռտուքով։

Քու հովանիիդ տակ տեղ կայ բոլորին, քու սիրտդ քնքշութեամբ լի է քու զաւակներուդ հանդէպ։ Քեզի նայելով Մայր Սուրբ կը ճանչնանք աստուածային ողորմութեան յաղթանակը մեղքին ու անոր հետեւանքներուն վրայ ու մեր մէջ կը վառի յոյսը աւելի լաւ կեանքի մը, ազատ ստրկութենէն, ատելութենէն ու վախերէն։

Ֆրանչիսկոս պապ աղօթքին մէջ ապա ըսաւ ''Այսօր Հռոմի սրտէն կը լսենք մօրը ձայնը որ մեզի կ՛ըսէ ''Եկէք, վստահութեամբ մօտեցէք, մտէք եւ ողորմութեան պարգեւը պիտի ընկալէք, մի վախնաք, մի ամչնաք. Հայրը ձեզ կը սպասէ բազկատարած։ Եկէք խաղաղութեան եւ ուրախութեան ակնաղբիւրին''։

Սրբազան Քահանայապետը աղօթքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուածամօր հաշտութեան ճանապարհին համար ու անորմէ  խնդրելով որ մեզ միայնակ չթողու այլ ընկերանայ մեր քայլերուն, մօտիկ ըլլայ մեզի ու նեցուկ կանգնի դժուարութեան պահերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.