2015-12-08 12:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Մարեմեան աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբերին կէսօրին, Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ բացման արարողութենէն ետք, Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ  անդրադառնալով   Անարատ Յղութեան տօնին  ըսաւ

''Տիրամարը տառապանքի մէջ մեր քոյրն է, բայց՝ ոչ չարին ու մեղքին մէջ, որովհետեւ Ան զերծ եղած է սկզբնական մեղքէն''։.

Անարատ Յղութիւնը,   Աստուծոյ  Ողորմութեան վսեմ ''Իքոնն'' է , որ յաղթեց մեղքին։  Այսօր՝  Ողորմութեան Սուրբ Տարուան սկիզբը, կ՝ուզենք նայիլ սոյն  Իքոնին՝ լի յոյսով։ Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեամբ , կանչուած ենք ճանչնալու՝ նոր աշխարհին արշալոյսը, որ  կերպարանափոխուեցաւ Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյ փրկագործութեամբ։ ։ 

Կանչուած են ճանչնալու Նոր արարչագործութեան արշալոյսը որ իրագործուած  է Աստուածային  ողորմութեամբ։

Անարատ Յղութեան տօնը յիշատակելը կը նշանակէ, նախ ամբողջովին ընդունիլ զԱստուած եւ Անոր ողորմութեան շնորհքը  մեր կեանքին մէջ, ապա դառնալ ողորմութեան արհեստաւորները,  Աւետարանի իսկական ուղիի միջոցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա փոխանցեց Անարատ Յղութեան տօնի մեզի ուղղուած  յատուկ պատգամը, այն է , յիշել  թէ  մեր կեանքին մէջ ամէն ինչ պարգեւ մըն է , եւ ամէն ինչ ողորմութիւն։

Ապա պատգամը եզրափակելով երկնաւոր Մօրմէն հայցեց '' որ օգնէ մեզի միշտ  առ աւելիով յայտնաբերելու  Աստուծոյ ողորմութիւնը որպէս  Քրիստոնեայի կրծքանշան։  Թող որ Անարատ Տիրամօր բարեխօսութեամբ,  Աստուծոյ ողորմութիւնը տէր դառնայ մեր սրտերուն եւ կերպարանափոխէ մեր կեանքը

Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով հրապարակի վրայ գտնուող ընտանիքներն,  ժողովրդապետական խումբերն ու  ընկերակցութիւնները, յայտնեց որ՝ այսօր յետմիջօրէին, Հռոմի Սպանիայի հրապարակը պիտի այցելէ, աղօթելու  համար Անարատ Յղութեան Տիրամօր արձանին առջեւ, ու հրաւիրեց ներկաները հոգիով  միանալու իր  ուխտագնացութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բոլորին մաղթեց  պտղաբեր  եւ հարուստ Սուրբ Տարի, Տիրամօր բարեխօսութեամբ ու ուղղութեամբ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.