2015-12-08 09:30:00

«Ֆրանսացի քուէարկողները մերժեցին քաղաքական հին դասակարգը» յայտարարեց Լը Փեն


Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան առաջին հանգրուանին յաղթանակ արձանագրած ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն յայտարարեց, որ ֆրանսացի քուէարկողները մերժեցին «քաղաքական հին դասակարգը»:

Քուէարկողներուն շուրջ մէկ երրորդը աջակցեցաւ ներգաղթի դէմ եղող Ազգային ճակատին, որ Ֆրանսայի 13 շրջաններէն 6-ին մէջ յաղթանակ արձանագրեց: Հակառակ կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքին, 13 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ընտրական երկրորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ վճռորոշ:

Ազգային ճակատը ապահովեց քուէներուն 28 առ հարիւրը, նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի ղեկավարած կեդրոն-աջ Հանրապետական կուսակցութիւնը` քուէներուն շուրջ 27 առ հարիւրը, իսկ իշխող Ընկերվարական կուսակցութիւնը` 23,5 առ հարիւրը:

Լը Փեն «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ թէ՛ Ընկերվարական, թէ՛ ալ Հանրապետական կուսակցութիւնը «կը քայքայուին», եւ «ֆրանսացի ժողովուրդը այդ քաղաքական հին աշխարհէն գանած եւ յոգնած է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.