2015-12-08 08:46:00

«Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբին ելոյթը եւ Թորիքեանի նոր «Օրաթորիօ»ն


Կիրակի 6 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա» Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, եւ «Պէյրութը կ'երգէ» ֆեստիվալի շրջագիծէն ներս,  դոկտ. Եդուարդ Թորիքեան ղեկավարեց առաջին կատարումը իր յօրինած «Ծննդեան Հայկական Օրաթորիօ»ին՝որ շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ երաժշտական հրաշալի  համադրում մըն էր, կատարողութեամբ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբի:

Ներկայացուած «Ծննդեան Օրաթորիօ»ն ներշնչուած էր, ինչպէս ղեկավարը ըսաւ իր խօսքին մէջ, հայր հաննա Խաուանտի երաժշտական նոր ստեղծագործութենէն, որուն բառերը թարգմանեան Թորիքեան անոնց ընկերակցուցած էր հայկական աւանդական եւ դասական ծննդեան մեղեդիները, եւ համադրած՝ իր յատուկ ստեղծագործ ոճով:

Այս նոր ստեղծագործութեան յաջորդեց փունջ մը ծննդեան երգերու՝ ինն լեզուներով, որոնցմէ է չինարէնը, ուքրաներէնը, ռուսերէնը, արաբերէնը եւ այլն: Շուրջ մէկ ժամ տեւած այս համերգը փակուեցաւ ափրիկերէն ծննդեան մաղթանքով, որ խուռներամ  երաժշտասէր հանդիսատեսներուն երկար ծափահարութեան արժանացաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.