2015-12-08 09:11:00

«Խորհրդարանական Համակարգը Արդէն Իրականութիւն Է» Յայտարարեց Նախագահ Սարգսեան


Նախագահ Սերժ Սարգսեան 7 դեկտեմբերի երեկոյեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալուած բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներուն դիմաց արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատած է, որ Հայաստանի համար արդէն կարելի է իրականութիւն նկատել կառավարման խորհրդարանական համակարգը:

«Ատիկա կը նշանակէ ուժեղ իշխանութեան եւ ուժեղ ընդդիմութեան առկայութիւն, քաղաքական կուսակցութիւններու դերի բարձրացում, անոնց զարգացման նոր կարելիութիւններու ընձեռում: Ատիկա կը նշանակէ նաեւ զարգացած կուսակցական համակարգ, որ որեւէ  ժողովրդավարական պետութեան կարեւորագոյն նախապայմաններէն  մէկն է: Անցումը խորհրդարանական համակարգին ժողովուրդին համար կ՛ապահովէ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու գործունէութեան աւելի մեծ թափանցիկութիւն: Այսուհետեւ կը յստականայ գործադիր իշխանութեան պատասխանատուութիւնը եւ կը բարձրանայ անոր  հաշուետուողականութիւնը, իսկ անոր գործունէութիւնը խորհրդարանին  եւ ժողովուրդին համար կը դառնայ աւելի կանխատեսելի», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յատկապէս շեշտը դրած է այն երեւոյթին վրայ, որ 6 դեկտեմբերին Հայաստան ընտրած է երկարաժամկէտ ու կայուն զարգացման ուղին, եւ անոր շնորհիւ հայկական պետականութիւնը  արդէն կը թեւակոխէ իր զարգացման յաջորդ հանգրուանը:

«Ո՛չ»-ի կողմնակիցներէն շատերը իրենք իրենց մասին իբրեւ «ճակատ»  կը խօսէին: Ես փորձած եմ այս բառէն կարելի եղածին չափ խուսափիլ: Իմ խորին համոզումով, երկրին մէջ մենք ճակատ ունենալու իրաւունքը չունինք: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ունեցած ազգի մը համար ատիկա անթոյլատրելի շռայլութիւն է: Աւելի՛ն, այս փոփոխութիւններուն  հիմնական նպատակներէն մէկը այն էր, որ երկրին մէջ ճակատ-ճակատի դուրս գալու եւ կռիւ տալու կարիքը չըլլայ: Այսօր մենք կրնանք արձանագրել, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգը մեր պետութեան համար արդէն իրականութիւն է», ըսած է ան:

Ըստ նախագահին, այս փոփոխութիւնները նաեւ կարելիութիւն կու տան աւելի վստահ ըլլալու պետութեան անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ, զինուած ուժերու ղեկավարումը եւ գործնական կառավարումը ապահովող սահմանադրական լուծումները առիթ կու տան արագ եւ արդիւնաւէտ որոշումներ տալու` թէ՛ սովորական դարձած, եւ թէ՛ ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան դրական նկատած է այն, որ քարոզարշաւին ընթացքին իր ղեկավարած կուսակցութենէն բացի «Այո՛»-ի քարոզչութիւն կը կատարէին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու Բարգաւաճ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ կուսակցութիւններ, սակայն նաեւ նշած է` այդ «Այո՛»-ն չի նշանակեր, որ իրենց մէջ տարակարծութիւններ, բանավէճեր եւ սուր քննարկումներ չեն եղած. «Վստահ եմ, որ համագործակցութեան այս շրջանակը պիտի շարունակուի ընդլայնիլ` յանուն մեր ազգային պետութեան, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան»:

Սերժ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է սահմանադրութեան փոփոխութեան հետեւելիք օրէնսդրական փոփոխութիւններուն:

«Այսօր իսկոյն պէտք է լծուինք աշխատանքի, որպէսզի պատրաստենք նոր Ընտրական օրէնսգիրք: Այդ աշխատանքը պէտք է աւարտած ըլլայ մինչեւ 1 յունիս 2016, որպէսզի 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենան աւելի բարձր վստահութեան մթնոլորտի մը մէջ, որպէսզի ընտրութիւններուն արդիւնքները կասկած չյարուցեն ինչպէս կուսակցութիւններուն, այնպէս ալ մեր քաղաքացիներուն մօտ», ըսած է ան` պատրաստակամութիւն յայտնելով բաց քննարկումներ կազմակերպելու Ընտրական օրէնսգիրքին շուրջ:

Սարգսեան նաեւ խօսած է քաղաքական ուժերու եւ հանրութեան վստահութեան մասին. «Այսօր մեզի անհրաժեշտ է վստահութիւն ոչ միայն քաղաքական ուժերուն միջեւ, այլեւ հանրութեան մեծ վստահութիւն քաղաքական ուժերուն հանդէպ: Միայն այդ ձեւով քաղաքական ուժերը  կրնան կայանալ` իբրեւ փոփոխութիւն իրականացնելու գործին մէջ հանրութեան լիազօր ներկայացուցիչներ: Ազգային ժողովը պէտք է դառնայ գաղափարական բանավէճերու, երկրին համար կարեւորագոյն լուծումներ գտնելու թիւ մէկ հարթակը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.