(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 7 դեկտեմբերին առաւօտեան, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ յաջորդաբար ընդունեց` Սուրբ Աթոռի մօտ Փերույի նորանշանակ դեսպան՝ Տիկին Մարիա էլվիրա Վելասքեց Ռիվաս Փլաթան` հաւատարմագիրերու ներկայացման առթիւ, Ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, Հնդկաստանի Ռանքի թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Թելեսֆոր Փլաչիտուս Թոփփոն, Կանայի մէջ Պապական նուիրակ գեապայծառ Ժան Մարիա Սփեք, Սուրբ Աթոռի մօտ Հունգարիոյ դեսպան տիար Էտուար Հալսպուրկ Լոթրինկեն՝ հաւատարամագիրերու ներկայացման առթիւ, հուսկ՝ համաշխարհային աշխարհական հաստատութիւններուն համահաւաք դասի՝ նախագահ` Տիկին Նատեճ Վէտին
Նշենք, թէ Կիրակի 6 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական պալատէն վառեց Ասսիզի քաղաքին մէջ գտնուող Ծննդեան տօնածառի եւ մսուրի լոյսերը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը, սրտի խօսք մը ուղղեց, որուն մէջ անդրադարձաւ Ասսիզիի մսուրին մէջ զետեղուած նաւակին ըսելով ''Յիսուս միշտ մեր հետն է, նաեւ դժուար պահերուն։ Քանի՛ եղբայրներ ու քոյրեր ծովուն մէջ խեղթամահ եղան։ Անոնք այժմ Տիրոջ մօտ կը գտնուին։
Տէրը եկաւ՝ մեզի յոյս ներշնչելու համար եւ մենք պէտք ենք այս յոյսը ընկալել։ Եկաւ՝ մեզի ըսելու թէ Ինք աւելի զօրաւոր է քան մահը, որ Ինք՝ աւելի մեծ է քան որեւէ չարութիւն։ Եկաւ՝ ըսելու համար, որ Ինք ողորմած է, ամբողջական ողորմութիւն։ Եւ այս Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ կը հրաւիրեմ ձեզ ձեր սրտերը բանալու ողորմութեան, ներումի։ Դիւրին չէ ներել այդ ջարդերը։ Դիւրին չէ ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծովեզերեայ պահակազօրքի անդամներուն, զանոնք որակելով Յիսուսի բերած յոյսի գործիքներ, եւ յոյսի սերմանողներ։
Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց Հարաւային Իտալիոյ տարածաշրջանին յայտնելով, թէ Հարաւային Իտալիան զօրակցութեան տիպար հանդիսացած է բովանդակ աշխարհի համար ու մաղթեց, որ այս Սուրբ Մսուրին նայելով անոնք կարենան ըսել Յիսուսին ''ես ալ իմ սատարս բերի որպէսզի դուն ըլլաս նշան յոյսի''։
Անպատրաստից խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ուղղեց բոլոր գաղթականներուն ըսելով ''Բարձրացուցէք ձեր գլուխը, Տէրը ձեզի մօտ է։ Եւ Անոր հետ է ուժը, փրկութիւնն ու յոյսը։ Թերեւս ձեր սիրտը վիշտի մէջ է սակայն ձեր գլուխը բարձր թող մնայ Տիրոջ Յոյսով։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց բոլոր գաղթականները եւ ծովեզերեայ պահակազօրքի անդամները ողջագուրելով ու անոնց մաղթելով Սուրբ Ծնունդ մը լի յոյսով եւ Տիրոջ քնքշութեամբ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |