2015-12-07 09:36:00

Սպիտակի երկրաշարժէն 27 տարի անց


27 տարի առաջ` 1988 Դեկտեմբեր 7-ին` տեղական ժամանակով ժամը 11:41, Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը ցնցեց ողջ Հայաստանը:

Հզօր ստորգետնեայ ցնցումները կէս վայրկեանի մէջ աւերեցին հանրապետութեան գրեթէ ողջ հիւսիսային մասը` ընդգրկելով մօտ 1 միլիոն բնակչութիւն ունեցող տարածք:

Երկրաշարժի կեդրոն Սպիտակի մէջ, ցնցումներուն ուժգնութիւնը կազմած է 10 բալ (12-բալանոց սանդղակով): Ստորգետնեայ ցնցումները զգացուած էին Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ:

Մասնագէտներու հաշուարկներով` երկրաշարժի պահուն երկրակեղեւի պատռուածքի գօտիէն ազատուած է Հիրոշիմայի վրայ նետած աթոմային ռումբի նման 10 աթոմային ռումբի պայթիւնին հաւասարազօր ուժգնութիւն: Երկրաշարժին առաջացուցած ալիքը տարածուած էր ողջ Երկրով եւ արձանագրուած Եւրոպայի, Ասիոյ, Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ գիտական տարրալուծարաններուն մէջ:

Պաշտօնական տեղեկութիւններով` զոհուած էր աւելի քան 25 հազար մարդ, 19 հազարը դարձած էր հաշմանդամ, անօթեւան մնացած էր 530 հազար բնակիչ:

Երկրաշարժին հետեւանքով հիմնովին աւերուած էր Սպիտակ քաղաքը: Սպիտակի եւ մօտակայ գիւղերու հետ մէկտեղ  բնութեան տարերքը աւերած էր 21 քաղաք ու աւան, 324 գիւղ, ոչնչացուցած Հայաստանի երկրորդ քաղաք Գիւմրիի բնակելի, հասարակական եւ արդիւնաբերական հատուածի 80 տոկոսը: Մեծ աւերածութիւններ եղած էին նաեւ  Վանաձորի մէջ: Երկրաշարժը շարքէ հանած էր երկրի արդիւնաբերական ներուժի մօտ 40 տոկոսը: Այն ժամանակ Հայաստանին օգնութեան եկած էին Խորհրդային Միութիւնն ու ողջ աշխարհը:

Այժմ աճած է ողջ սերունդ մը, որ ծնած է սարսափելի երկրաշարժէն ետք: Սակայն անոնք, որոնք վերապրած են 1988-ի Դեկտեմբեր 7-ը, երբեք չեն մոռնար լուսանկարները, որոնք ցուցադրուած  էին  աշխարհի բոլոր հեռուստատեսութիւններով








All the contents on this site are copyrighted ©.