2015-12-07 09:56:00

Նշուեցաւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90 ամեակը


(Ռատիօ Վատիկան) Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի նախագահութեամբ,  Կիրակի 5 դեկտեմբեր 2015-ին, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի  արարողութեան ընթացքին նշուեցաւ, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90 ամեակը։
Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ գերապայծառ Ասատուրեան հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը.  որուն մէջ ըսաւ.

՝՝Սիրելի Քեսապահայ հարազատներ,

Անհուն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ եկած եմ  ձեզի փոխանցելու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին ողջոյններն ու օրհնութիւնը,  որովհետեւ  բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ, դուք հաւատարիմ մնացիք Աստուծայ պատգամին որ կ’ըսէ.- “Հետս եղէք մինչեւ աշխարհին կատարածը՝՝։

Դուք, այս պատգամին ձեր հաւատարմութիւնը ցուցաբերեցիք ամէնէն դժուարին, վտանգալից ու ողբերգական վիճակներուն մէջ անգամ։ Այս պատգամով զօրացած՝ դուք ձեր քրիստոնեավայել ու հայավայել կեցուածքով,  հանդիսացաք՝ քիչ է ըսել բարի օրինակը, այլ հերոսավայել օրինակը ճշմարիտ քրիստոնեայի եւ  հարազատ հայու, որ գիտէ տոկալ ու դիմադրել։ Դուք տոկացիք ու դիմադրեցիք  բոլոր ճնշումներուն՝ առանց կորսնցնելու ձեր հաւատքն ու յոյսը, որոնք ձեր կամքը զօրացնող աստուածաշնորհ պարգեւներ են։  Դուք կառչած մնացիք ձեր ինքնութեան երկու յատկանիշներուն՝ ՀԱՅ եւ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ։  Այս կերպով  դուք՝  Վարդանանց իրական ժառանգորդները, Քաջն Վարդանի թոռները ըլլալու  վկայութիւնը տուիք։

Վստահ կրնաք ըլլալ որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ համայն Ազգը շնորհակալ է ձեզի եւ ձեր կողքին կը գտնուի։ Ասոր մէկ վկայութիւնն է իմ ներկայութիւնս այսօր ձեր մէջ, ձեզմէ իւրաքանչիւրի արիւն ֊քրտինքով նուիրագործուած այս հողին վրայ։

Գիտենք, թէ ձեր այս օրինակելի կեցուածքին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ ձեր ժողովրդապետ հայրը՝ Նարեկ վարդապետ Լուիսեանը։ Ան եղաւ բոլոր պայմաններուն տակ իր հօտին  գլուխը կանգնած քաջ հովիւը, որ գիտցաւ զօրակցիլ, քաջալերել ու ոգեւորել ոչ միայն բանիւ այլ գործով։ Արդարեւ, ան կանգնեցաւ ձեր կողքին եւձեզի հետ բաժնեց  առօրեայ  բոլոր դժուարութիւնները, զրկանքներն ու տառապալի վիճակները։

Այս պահուս, ես յատուկ գնահատանքով պիտի յիշատակեմ  մեր քոյր եկեղեցիներուն՝ Հայ Առաքելական եւ Աւետարական եկեղեցիներուն ու համայնքներուն հետ հաստատուած համագործակցութիւնը, որ զօրացուց օրհասական պահերը   թիկունք թիկունքի տուած դիմագրաւելու քեսապահայութեան կամքի ուժը։ Այս կերպով, քեսապահայութիւնը դարձաւ հայ ժողովուրդին միասնականութեան ուժին կարեւորութեան վառ օրինակը։

Սիրելիներ,

Այս բոլոր հաստատումները աւելի կը պայծառացնեն Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ 90 ամեակի յոբելինական տօնակատարումը՝ այսօր։ Եկեղեցիքն դուք էք սիրելիներ։ Երբ կանգուն է Եկեղեցին, կը նշանակէ որ կանգուն էք նաեւ դուք։  Հետեւաբար, Եկեղեցւոյ պայծառացումը վկայութիւնն է ձեր կառչածութեան Հաւատքին, վկայութիւնն է ձեր ազգասիրութեան ու հայրենանուիրումին՝ որոնք Հայուն անբաժան յատկանիշերն են եւ որոնք  ձեզ արժանի կը դարձնեն Աստուծոյ օրհնութեան եւ բոլոր շնորհներուն։

Նշենք, թէ Պէյրութի Պատրիարքական թեմի առաջնորդ՝ գերապայծառ  Ասատուրեան, ընկերակցութեամբ  Քեսապի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանին,  այցելութիւններ պիտի տայ Հայ առաքելական եւ աւետարանական հոգեւոր հովիւներուն, ինչպէս նաեւ հայաւանի քաղաքապետական պատասխանատուներուն, որոնց պիտի փոխանցէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը համայն քեսապահայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.